ՊԱՅՏԸՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՍԵՄԻ՞Ն
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ապրիլ 24ին սեմին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական եւ դեմոկրատ 107 անդամներ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «յստակօրէն եւ ուղղակիօրէն» ճանչնալու պահանջով դիմեցին նախագահ Ճօ Պայտընին:
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, աւելի քան 37 ծերակուտականներ միացած էին Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզին` միասնաբար պահանջելով Պայտընէն, որ վերջ մը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն հետեւելու Ամերիկայի նախագահներու կեցուածքին, յստակօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ նման արշաւի մը առաջնորդութիւնը ստանձնած էր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ այս առիթով նաեւ Երեքշաբթի օր ելոյթ մը ունեցաւ Քոկրեսին մէջ եւ յայտարարեց, թէ քանի մը օրէն 106րդ տարելիցն է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայ կանանց, տղամարդոց եւ երեխաներու համակարգուած սպանութեան եւ տեղահանման ու խօսքը Պայտընին յղելով՝ աւելցուց. «Այս պիտի ըլլայ ձեր նախագահութեան առաջին Ապրիլ 24ը, եւ ձեր առաջին հնարաւորութիւնը` հետեւելու Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ձեր խոստումին:
Շիֆ հարիւր հազարաւոր ամերիկահայերու, Ցեղասպանութիւնը վերապրած մանուկներու, թոռներու ու ծոռներու անունով խնդրեց Պայտընէն` «պահել խոստումը եւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան մասին փաստերը արձանագրուած են իրական ժամանակի մէջ ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ, որոնք նշած էին, որ անիկա մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ է»:
Շիֆ նշեց, որ Պայտըն շատ լաւ գիտէ այս փաստերը եւ խօսած է անոնց մասին նաեւ իբրեւ նախագահի թեկնածու՝ աւելցնելով. «Իբրեւ նախագահ` այժմ առիթը ունիք ուղղելու տասնամեակներու սխալները եւ անով իսկ իմաստաւորելու ձեր նախորդ յայտարարութիւնը, երբ դուք ընդունեցիք Ցեղասպանութիւնը եւ ըսիք, որ «լռութիւնը մեղսակցութիւն է»:
[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=WQJ6MbkwYBM[/embedyt]
Նշենք, որ անսալով Հայ Դատի կոչին` Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան մէկ միլիոն համակիրներ պատգամներ յղեցին նախագահ Պայտընին, անկէ պահանջելով պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան հրապակեց տեսանիւթ մը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք Հայ Դատի կոչին անսալով, Սպիտակ տան վրայ ճնշում բանեցուցին, պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու նպատակով:
Միւս կողմէ, շարք մը ամրիկեան հեղինակաւոր թերթեր հաղորդեցին, թէ Պայտըն կը պատրաստուի Շաբաթ օր պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
ԱՆԳԱՐԱ.- Անդրադառնալով այն լուրերուն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Պայտընի կողմէ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները պաշտօնապէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալը յաւելեալ վնաս պիտի հասցնէ ՆԱԹՕի երկու դաշնակիցներուն արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւններուն, հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ «արդեօք Պայտըն մտադի՞ր է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ»՝ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները «պէտք է յարգէ միջազգային օրէնքը: Յայտարարութիւնները, որոնք իրաւական ուժ չունին, ոչ մէկ օգուտ պիտի բերեն, անոնք պիտի վնասեն յարաբերութիւններուն: Եթէ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզէ վատթարացնել յարաբերութիւնները, որոշումը իրենցն է», յայտնեց Չաւուշօղլու: