ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեանը 19 Ապրիլին վճռեց, թէ Թուրքիա թերացած է Անգարայի դէմ հայր եւ զաւակ` Պարգեւ եւ Կարօ Ղազարեաններու անունով բացուած դատին մէջ:
Դատը Անգարան կ՛ամբաստանէ նշեալներուն կրօնական եւ մշակութային իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով:
Նշենք, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուած Անգարայի բողոքներուն` Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու շրջանային ատեանը անցեալ ամիս որոշած էր շարունակել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ Ղազարեաններուն անունով բացուած դատը:
2018ին բացուած դատէն ետք, Անգարա ոչ միայն կը մերժէր ստանձնել իրեն յղուած դատին փաստաթուղթերը, որոնց հիման վրայ պէտք է պատասխանէր ատեանին, այլ նաեւ կը պահանջէ, որ դատը անմիջապէս կասեցուի:
«Քերքոնեան Տաճանի» իրաւաբանական հիմնարկը անցեալ Հոկտեմբերին յաջողեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցաւ Թուրքիոյ յանձնել փաստաթուղթերը, որոնք ամիս մը ետք վերադարձուեցան` առանց պատասխանի եւ դատը կասեցնելու պահանջով: Ասոր հիման վրայ, ատեանը հաստատեց, թէ փաստաթուղերը տեսնուած են Անգարայի կողմէ եւ թէ դատավարութիւնը կարելի է շարունակել:
19 Ապրիլի որոշումին շնոհիւ, կարելի կրնայ ըլլալ Թուրքիան դատապարտող վճիռ մը ապահովել:
Հարցը ծագած էր, երբ Թուրքիոյ գործակալները սպառնալով` ճնշումներ բանեցուցած էին Կլենտէյլէն (Քալիֆորնիա) Պարգեւ Ղազարեանի վրայ եւ վարկաբեկած էին զայն, երբ ան 2017ին կը փորձէր իր կրօնական եւ մշակութային իրաւունքներուն համաձայն` այցելել պատմական Քեսապի մէկ ուխտատեղին` Պալլումի մէջ, որ ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ:
Դատին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նաեւ արգելք հանդիսացան Պարգեւին, որ որոշ ուխատեղիներու յատուկ ազգային աւանդութիւնները ազատօրէն փոխանցէ իր զաւակին` Կարոյին:
Դատը բացուած է Պարգեւին կողմէ, որ կը շեշտէ, թէ թրքական կողմին առած քայլերը միջազգային օրէնքներու խախտումներ են եւ մաս կը կազմեն Թուրքիոյ բնիկ հայ քրիստոնեաներուն իրաւունքները ոտնակոխելու Անգարայի քաղաքականութեան: