ԱՆԳԱՐԱ․- Այս տարի եւս, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ ներկայացուց խորհրդարանին:
Փայլան կ՛առաջարկէ ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հանրային վայրերէն վերցնել այն գործիչներու անունները, որոնք մասնակցած էին Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրագործման համար, ինչպէս նաեւ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ:
«Կոտորածէն փրկուած որբերէն մէկը իմ հօրենական մեծ հայրս էր: Այդ որբերը 106 տարիէ ի վեր արդարութիւն կ՛որոնեն: Հօրենական մեծ հայրս մահացաւ՝ առանց տեսնելու այդ արդարութիւնը: Երկրորդ սերունդը` հայրս, նոյնպէս մահացաւ` առանց արդարութեան հասնելու: Ես` իբրեւ Թուրքիա ապրող հայ, որ երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ է, այդ արդարութիւնը կը փնտռեմ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։ Հայ ազգի ցաւը մենք պէտք է բերենք Թուրքիա․ հոս է, որ այդ ցաւը ծնունդ առած է: Մենք պէտք է առերեսուինք հայ ազգի ցաւին հետ եւ արդարութեամբ փարատենք այդ ցաւը», նշեց Փայլան: