ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 19 Մայիսին, Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախ նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստը, որուն Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան:
Իբրեւ շարունակութիւն նախորդ օրը տեղի ունեցած քննարկումներուն՝ Այվազեան մանրամասն կերպով ներկայացուց ՀԱՊԿի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ապահովական կացութիւնը՝ յատկապէս ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստանի սահմանամերձ մարզերը Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներթափանցման իբրեւ արդիւնք իրադրութեան լարումին:
«Ադրբեջանի զինուած ուժերի ներթափանցումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք անմիջական սպառնալիք է ներկայացնում ՀԱՊԿ անդամ երկրի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան համար, ինչը մարտահրաւէր է Կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան համակարգի համար», հաստատեց Այվազեան։
Ան իր պաշտօնակիցներուն յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ արդիական կը դառնայ ՀԱՊԿի՝ արտակարգ իրավիճակներու արձագանգելու կարգը, որմով` իրադրութեան մշտադիտարկման, տեղւոյն վրայ իրադրութեան գնահատման եւ հետագայ միջոցառումներուն վերաբերեալ առաջարկներու մշակման նպատակով, ամրագրուած են նաեւ համապատասխան բազմակողմանի առաքելութեան ձեւաւորման հարցերը:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան` Արա Այվազեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը որեւէ պարագային չի կրնար առաջնորդել հակամարտութեան լուծման՝ աւելցնելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական հարթակի վրայ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ եւ այդ միջնորդական առաքելութեան կողմէ մշակուած սկզբունքներուն միասնական ու համապարփակ իրագործման հիման վրայ:
Նիստին օրակարգին վրայ էին տարածաշրջանային եւ միջազգային իրավիճակին եւ անդամ երկիրներու անվտանգութեան վրայ վերջինիս ազդեցութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ անդամ երկիրներու փոխգործակցութեան, կառոյցի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ գործողութիւններու ձեռնարկման վերաբերեող հարցեր:
Նիստի իբրեւ արդիւնք՝ արտաքին գործոց նախարարները որդեգրեցին զանազան ուղղութիւններով ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը փաստաթուղթեր: