ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Համաճարակի հերոս կանանց» մեծարումներու նուիրուած Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի 25րդ ընտրատարածքի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակին նախաձեռնած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, առցանց ։
Մեծարեալներուն շարքին են՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Դալար Այնթապլեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գործադիր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեան։