ՖՐԵԶՆՕ.- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) 14 Մայիսին տեղի ունեցած առցանց հանդիպումի մը ընթացքին, իր «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակով մեծարեց վաստակաւոր իրանագէտ դոկտ. Ճորճ Պուռնութեանը։
Մեծարեալը պատմագիտութեան մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ։ Ան դասաւանդած է այդ եւ կարգ մը այլ հաստատութիւններու մէջ եւ ստանձնած նաեւ համալսարաններու մէջ վարչական պաշտօններ։ Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետող Պուռնութեանի ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են Իրանի, Հայաստանի եւ Կովկասի պատմութիւններուն վրայ։ Ան հեղինակ է 36 հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներ, իսկ հայոց պատմութեան նուիրուած անոր գիրքը՝ «Հայ Ժողովուրդի Համառօտ Պատմութիւնը» (The Concise History of the Armenian People) ցարդ թարգմանուած է սպաներէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, ռուսերէնի, հայերէնի, ճափոներէնի եւ պարսկերէնի: