ԹՈՔԻՕ, «Արմէնփրէս»․- Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերու ծիրին մէջ, 6 Օգոստոսին, Հայաստան պրոնզ մետալ մը շահեցաւ, երբ բռնցքամարտի մրցումներուն կիսաւարտականին Յովհաննէս Պաչքով (63 քլկ․) պարտութիւն մը կրեց Քէյշոն Տէյվիսէն:
Ըմբշամարտի ազատ ոճի 65 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն, նոյն օրը իր պայքարին սկսաւ ըմբշամարտի մրցաշարքի Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչ Վազգէն Թեւանեան, որ պարտութիւն մը կրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Հաճիմուրատ Ռաշիտովէն:
Այսպիսով, Հայաստան Թոքիոյէն կը վերադառնայ երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներով։