Հինգշաբթի, 5 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շրջանս գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական եւ Սփիւռքի հարցերու ներկայացուցիչ Ազատուհի Սիմոնեանը:
Հանդիպման ընթացքին Սիմոնեան Արցախի նախագահին, կառավարութեան եւ տեղւոյն հայութեան կողմէ իր երախտագիտութիւնները յայտնեց Արեւմտեանի թեմին, առաջնորդ սրբազան հօր եւ ընդհանրապէս լոսանճելըսահայութեան՝ Արցախի 44օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք Արցախի ու անոր ժողովուրդին ցուցաբերուած հոգատարութեան եւ իրականացուած մարդասիրական ծրագիրներուն համար:
Զրոյցը ընդգրկեց միտքերու փոխանակում՝ Արցախի ներկայ իրավիճակին, ժողովուրդի կարիքներուն եւ անոնց ապագայ լուծումներուն վերաբերեալ:
Առաջնորդը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Արցախ աշխարհը եւ հայութեան այդ հպարտ, բայց վիրաւոր հատուածի գոյութիւնը ազգի կեանքին մէջ՝ ըսելով. «Լիայոյս ենք, որ կը շարունակենք նուիրատուութիւններու ճամբով մեր մասնակցութիւնը բերել Արցախ հայրենիքի հայօրէն գոյատեւման պայքարին եւ յետ պատերազմեան վերականգնման ճիգերուն»: