Երկուշաբթի, 16 Օգոստոսի երեկոյեան, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ Սեդա Մատէնլեանի՝ քողազերծուեցան Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն, նորոգ հանգուցեալ Վազգէն Մատէնլեանի անունը կրող կողովագնդակի վերանորոգուած մարզադաշտ մը եւ ուսողութեան դասարան մը:
Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմի անդամներ:
Առաջնորդը եւ իր ընկերակիցները դպրոցի մուտքին ընդունուեցան վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, ուսումնական մարմինի անդամներու, հանգուցեալ տնօրէնի կողակիցին՝ Սեդա Մատէնլեանի եւ դուստրերուն, ուսուցիչներու, բարերարներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ հիւրերու կողմէ: Սրբազան հայրը եւ տիկին Մատէնլեան նախ հատեցին մուտքի ժապաւէնը, ապա ուղղուեցան շրջափակը, ուր դոկտ. Քարկոտորեան բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին եւ ներկաներուն, խօսեցաւ վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած վերանորոգումի աշխատանքներուն եւ ընթացքին մասին, անդրադարձաւ նախկին տնօրէն հանգուցեալ Վազգէն Մատէնլեանի ծառայութեան տարիներուն (1991-2014) եւ վարժարանի բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին, ապա իբրեւ գնահատանք անոր կրթական եւ մանկավարժական վաստակին՝ նշեց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսումնական մարմինը, խորհրդակցաբար Մատէնլեան ընտանիքի անդամներուն հետ՝ որոշեցին լաւագոյն կերպով անմահացնել իրենց սիրելի տնօրէնին յիշատակը՝ անոր անունով կնքելով վերանորոգուած պասքեթպոլի մարզադաշտերէն մէկը եւ ուսողութեան դասարանը: Իր խօսքի աւարտին ան առաջնորդը եւ Սեդա Մատէնլեանը հրաւիրեց՝ յաջորդաբար քողազերծելու «Վազգէն Մատէնլեան» անունը կրող կողովագնդակի մարզադաշտին եւ դասարանին յուշատախտակները:
Իր աղօթական խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց Շամլեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքը եւ հաստատեց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ամբողջական, ուժեղ, շէնշող եւ կարեւոր ներկայութիւն են, ապա բարձրագոյնս գնահատեց Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, վարժարանի տնօրէնուհին, Ուսումնական մարմինը, ուսուցիչները, ծնողները եւ աշակերտները, բարեկամները եւ բարերարները ու «Վազգէն Մատէնլեան» մարզադաշտին եւ դասարանին բացման առիթը նկատեց եզակի դէպք եւ կարեւոր յիշեցում այն մասին, որ ազգի կեանքին մէջ յատկանշական ներդրում եւ վաստակ ունեցող բոլոր մեծերն ու մշակները արժանի են յարգանքի։ «Ազգային առաջնորդարանը, մեր վարժարանները գիտեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարգեն նուիրեալներն ու վաստակաշատները. այսօր տեղի ունեցածը պերճախօս մէկ վկայութիւնն է ըսուածին», աւելցուց սրբազան հայրը:
Վարժարանի ուսումնական մարմինին անունով յաւուր պատշաճի շնորհակալական խօսք արտասանեց ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ իր կարգին մանրամասնութիւններ փոխանցեց վարժարանի աշակերտական կարիքներու լրացման համար ի գործ դրուած ճիգերուն մասին:
Այս ամրան իրականցած էր երկու պասքեթպոլի, մէկ թենիսի, մէկ ֆութպոլի եւ մէկ վոլիպոլի, ինչպէս նաեւ այլ մարզաձեւերու յատուկ դաշտերու կառուցումը, ինչպէս նաեւ գլխաւոր բակին եւ 32 դասարաններուն նորգութիւնը եւ արդիականացումը, որոնց համար դրամահաւքի արշաւը սկսած էր երեք տարի առաջ, որոնց վրայ եկան աւելնալու Վազգէն Մատէնլեանի յիշատակին կատարուած նուիրատուութիւնները։