ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան՝ ըսաւ, թէ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման:
Էրտողան դիտել տուաւ, որ շրջանը կարիք ունի կառուցողական մօտեցումի: «Նոյնիսկ եթէ կան տարակարծութիւններ, դրացիներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ: Մենք կրնանք աստիճանաբար կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որուն նոր կառավարութիւնը յայտարարած է այդ ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութեան մասին», յայտնեց Էրտողան:
Ըստ անոր՝ տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը կարելի են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն ետք:
Էրտողան դարձեալ անդրադարձաւ այսպէս կոչուած «Վեցի հարթակ»ին, որուն կրնան մաս կազմել Թուրքիա, Ատրպէյճան, Ռուսիա, Իրան, Հայաստան եւ Վրաստան: Ըստ անոր՝ եթէ այդպիսի հարթակի կազմակերպումը կարելի դառնայ, շրջանին մէջ շատ աւելի հանգիստ վիճակ պիտի տիրէ:
Ան աւելցուց, որ շրջանին մէջ անհրաժեշտ է կառուցել երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներ, «որոնք երկիրները իրարու պիտի կապեն, եւ այդպիսով շատ հարցեր պիտի յաղթահարուին»:
Several patriots are alarmed about P.M. STANDING AS SUBJUGATED,
“READY TO ACCEPT” ANY PROPOSITION, GIVING UP ALL IF PRESSURED
WITHOUT HEAVING ANY FIXED AGENDA FOR FUTURE ARMENIA. THIS IS
VERY PERILOUS AND CATASTROPHIC, REJECTING FRIENDLY SUGGESTION,
RELYING ONLY ON RUSSIA & ALLIES, WHICH SOLD US SINCE 100 YEARS.
HIS RESIGNATION CAN SAVE HIS WRITTEN ENGAGEMENTS, NOT PUBLISHED
NOT APPROVED. 30 YEARS ALL LEADERS, WEAKENING ARMENIA REACHING
FINAL FALLING STAGE, PREDICTED BY JERUSALEM POST 2017 AS “VANISHING”
STATE AS INSIDER. ERDOGAN PEACE POSSIBILITY IS A ” MORPHINE SHOT” TO
VALIDATE, COVERUP, P.M. ACCEPTANCE AS “UNIQUE BARGAIN” TO REACH PEACE
PROPOSITION SHAMEFUL TERMS : ARMENIA LOSING ALL POSSIBILITY TO RECOVER ITS LEGITIMATE RIGHTS, SOLD BY 3 PRESIDENTS PLUS P.M.
PROVING TO BE PAID AGENTS :”ARMENIA SELLERS CLUB LEADERS”.
“YOU DIG” DIASPORA NATION WHATS GOING ON??? STILL SILENT???