ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 31 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, որուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով հաստատեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հարցները կարելի է լուծել քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով, իսկ երկարաժամկէտ լուծման կարելի է հասնիլ միայն սահմանազատման եւ սահմանագծման միջոցով:
«Այս առումով յստակ է նախագահին (Ռուսիոյ նախագահ Փութինի – Խմբ.) պատրաստակամութիւնը: Մենք այսօր խօսած ենք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահովել այդ գործընթացի արագ իրականացումը: Մենք հաստատեցինք այդ գործընթացին ամէն ձեւով աջակցելու պատրաստակամութիւնը», ընդգծեց Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման, այլ հարցերու կողքին քննարկուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Ըստ անոր` Միրզոյեանի հետ հանդիպման յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման հարցերուն:
Մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին ձեռք բերուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին, որ թոյլ տուած է դադրեցնել հակամարտութիւնը եւ զայն բերել քաղաքական կարգաւորման հուն: «Համաձայնեցանք չթուլցնել ուշադրութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացնող գործօններու վերացումէն` ներառելով հայ ռազմագերիներուն վերադարձի եւ ականապատ տարածքներու քարտէսներու յանձնման հարցերու վերջնական լուծումը: Հաստատուեցաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու հետագայ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան պէտք է առանց նախապայմանի ազատ արձակէ հայ գերիները: «Նոյեմբեր 9ի յայտարարութեամբ նշուած է, որ պէտք է ազատ արձակուին այն պատերազմական գերիները, որոնք այդ պահուն գերի առնուեցան։ Այժմ ատրպէյճանցիները կը պահեն հայ զինուորներ, որոնց մեծամասնութիւնը գերի տարուած է Նոյեմբերի վերջը՝ յայտարարութեան ուժի մէջ մտնելէն ետք։ Սակաայն, Ռուսիոյ նախագահը բոլոր հաղորդակցութիւններուն մէջ, ներառեալ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցի մւ ընթացքին, այդ գծով ազդանշաններ կ՛ուղարկէ։ Ատրպէյճանական կողմին կոչ կ՛ուղղենք՝ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլորը, ինչ որ կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ ամրապնդելու այն վստահութիւնը, որուն կարիքը կայ այսօր։ Մենք պիտի շարունակենք հանդէս գալ այդ դիրքերէն, բայց, անշուշտ, վերջնական որոշումը մեզմէ կախեալ չէ», ըսաւ Լաւրով։
Այս ծիրին մէջ ան անդրադարձաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեան` Ատրպէյճանին փոխանցելու ականապատ դաշտերուն քարտէսը՝ նշելով, որ իրենք աշխոյժ կերպով աջակցած են այս քայլին։ «Մենք կը կարծենք, թէ հիմա ալ կարելի է նման ընդառաջ քայլեր առնել, պարտադիր չէ մէկը միւսին կապել, այլ պարզապէս բարի կամքի դրսեւորումով ընդառաջ քայլի դիմել դրացիներուն նկատմամբ», ըսաւ ան։
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ ռուսական կողմը գոհ է փոխադրամիջոցի ուղիներու ապաշրջափակման ուղղուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի աշխատանքէն, որ կ՛ընթանայ երեք երկիրներու փոխվարչապետներուն նախագահութեամբ։
«Ապաշրջափակումը պիտի նպաստէ Անդրկովկասի միայն տնտեսական աճին, այլ նաեւ պիտի ապահովէ առաւել յուսալի հիմքեր ամբողջ տարածաշրջանի ծաղկման եւ քաղաքական կարգաւորման համար։ Մենք գոհ ենք բանակցութիւններու ընթացքէն», աւելցուց Լաւրով։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին նշեց, որ Հայաստան արդէն վաղուց կատարեց իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակեց ատրպէյճանցի բոլոր ռազմագերիները: «Մենք կարծում ենք, որ Ադրբեջանը եւս պէտք է վերադարձնի բոլոր հայ ռազմագերիներին եւ միւս պահուող անձանց: Դա կարեւոր է ոչ միայն եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու տեսակէտից, այլ նաեւ այն առումով, որ համատեղ վստահութեան մթնոլորտում արդէն հնարաւոր է քննարկումների այլ փուլի անցնել` բոլոր հարցերի կարգաւորման նպատակով: Հայաստանը մէկ անգամ չի յայտարարել, որ մենք կարգաւորումը տեսնում ենք միայն խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով»:
Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ լարուած իրավիճակի պահպանումը պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեամբ: «Տարածաշրջանում խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը մեր ռազմավարութիւնն են, եւ մենք պատրաստ ենք աշխոյժ երկխօսութեան այդ ուղղութեամբ: Սակայն տարածաշրջանում պահպանւում է բաւականին լարուած իրավիճակը, եւ դա մեծապէս պայմանաւորուած է Ադրբեջանի ապակառուցողական քաղաքականութեամբ», նշեց Միրզոյեան: Ըստ անոր՝ Պաքուն չի կատարեր 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, կը խախտէ միջազգային իրաւունքի բոլոր եզրերը եւ՝ «հրապարակային սադրիչ քայլերի է գնում, որոնք ուղիղ ոտնձգութիւն են Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքի նկատմամբ, ինչին մենք բախուել ենք այս տարուայ Մայիսի 12ից»։
Միրզոյեան աւելցուց, որ պաշտօնական Պաքուն, միշտ նոր կեղծ օրակարգեր մէջտեղ հանելով, կը հրաժարի իր պարտաւորութիւններէն, մասնաւորաբար չի վերադարձներ բոլոր ռազմագերիները եւ բռնի պահուող անձերը:
Ան դիտել տուաւ, որ եթէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան որեւէ պահու բանակցութիւններու սկսին խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, այդ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ անպայման պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ ճշդուած սկզբունքներու հիման վրայ:
«Այսօր իմ կողմից եւս մէկ անգամ արձանագրուեց Հայաստանի դիրքորոշման համընկնումը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբի համանախագահների դիրքորոշման հետ, ըստ որի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի քաղաքական կարգաւորումը շարունակում է բաց մնալ: Մենք ելնում ենք նրանից, որ բացառապէս բանակցային ճանապարհով կարող ենք յանգել լուծման, որը կը բերի խաղաղութիւն ու կայունութիւն Հարաւային Կովկասում: Այդօրինակ կարգաւորման հիմքում առաջին հերթին պէտք է դրուած լինի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը», ըսաւ Միրզոյեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի այն յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ պէտք է ըլլայ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Ադրբեջանի իշխանութիւնների փոխարէն ես կը կենտրոնանայի 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եւ 2021 թուականի Յունուարի 11ի եռակողմ յայտարարութիւններով արդէն իսկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կատարման վրայ: Այս պահին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւններ չի վարւում»։
Broadcaster Vartan Ghugassian popular TV is considered taboo punishable
by heavy penalty in Armenia, against promised free expression given by P.M.
may be under heavy pressure and turning dictatorial. Erdogan’s intentions to
occupy Nakhichevan province will change 1921 Moscow illegal treaty terms,
but, if accepted by Russia to protect billions of US$ investment in Turkey,
ready to give Others lands, as USUAL, to a 3rd party, against 100 years after,
return to original owner, Armenia. After 44 days war signing “agreements”
without printing terms, give impression to “HIDE MORE” what is SAID.
Not declaring April 24 is another unbalanced, fearful almost schizophrenia
Yes Man, governing Armenia’s Fate, waiting orders. This reminds April 24 1915
300 personalities Massacre inclusive Krikor Zohrab Mason brother to Mason
brother Talaat who killed for the profit of Turkey 25% population by Genocide
Harsh lesson to Follow. Mr. Robert Simonian’s ,Presidential foreign representative,
interview, with Shocking Revelations, written proofs, 30 years Armenia Sold
out, obeying “big international organization”, ALL LEADERS INSIDE & OUTSIDE
led systematically programmed to WEAKEN and SELL; latest clinically NOT
approved USE of some COVIT-19 vaccines to young soldiers, exposing fatal ending
and DNA change. Very long and detailed list, who, how, when ILLEGALLY ELECTED
CARRIED OUT ORDERS FROM 2 SORT OF BIG BOSSES, leading total dismantlement every sector, waiting Houdini type Political Magic TO COVER
PAST, BIG SALE OF THE CENTURY PROCESS: actual “OBLIGED TO DO MOVE AS
JUSTIFICATION”. INSIDE-OUTSIDE PARALYZED, WITH “ENGAGED” LEADERS, after
general inspection Mr. Simonian found “ALES KAPUT”, following collapse (in case
GOD helps); everybody saying “YES SIR”, NO OBJECTIONS, NOT organized, WE CAN ONLY PRAY FOR A MIRACLE TO HAPPEN BY GOD SAVING ARMENIA.