Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան:
Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ հակառակ «Քորոնա» համաճարակին, Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն եւ Արցախի ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ՀՄԸՄը կը մնայ աշխոյժ եւ կենսունակ, հաւատարիմ՝ նորահաս սերունդներու ազգային առողջ դաստիարակութեան իր առաքելութեան:
Լիագումար նիստերուն յատուկ օրակարգով մասնակցեցան ՀՄԸՄի Արցախի, Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի Մեկուսի շրջաններու ատենապետները եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ առանձնաբար արծարծուեցան յիշեալ շրջաններու գործունէութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Լիագումարը իր գնահատանքը արձանագրեց չորս շրջաններու նկատառելի գործունէութեան համար՝ նոր ծրագիրներ մշակելով յառաջիկայ երկամեակին համար:
Լիագումար նիստերը առիթ մը եղան արժեւորելու անցնող երկամեակի գլխաւոր աշխատանքները, որոնք առցանց ըլլալով հանդերձ կրցան թափ տալ միութեան համահայկական գործունէութեան. համա-ՀՄԸՄական խմբապետական համագումար, «Արարատեան» կարգի դաստիարակչական ծրագիր, մարզական Ա. սեմինար, մարզական միջ-ցամաքամասային հանդիպումներ, հեռակայ մարզախաղեր, սկաուտական JOTI բանակում եւ այլն:
Լիագումարը հանգամանօրէն քննեց Արցախեան պատերազմի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն միութեան աշխարհատարած մասնաճիւղերուն կատարած բարեսիրական աշխատանքները եւ շեշտեց, որ իբրեւ «կամաւոր բանակ» ՀՄԸՄը ամէնուր իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս կը դնէ հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին:
Այս առիթով Կեդրոնական վարչութիւնը խոնարհեցաւ յիշատակին դիմաց այն բոլոր ՀՄԸՄականներուն, որոնք Արցախեան վերջին պատերազմին գերագոյն զոհաբերութեան օրինակներ հանդիսացան:
Յատուկ օրակարգով լիագումարը անդրադարձաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով ստեղծուած ֆոնտին եւ նպատակայարմար նկատեց ֆոնտին եկամուտները յատկացնել ՀՄԸՄի Բիւրականի բանակավայրի բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ, առ այդ, միաձայնութեամբ որոշեց բանակավայրը կոչել «ՀՄԸՄի Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»: Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ ցաւով արձանագրեց իր կազմի անդամներէն եղբ. Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահը Արժանթինի մէջ:
Լիագումարին առանձին նիստ մը յատկացուեցաւ միութեան քարոզչական-տեղեկատուական մարզի արդիականացման ծրագիրներուն (կայքէջ, ընկերային ցանցեր, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, Database): Քննարկուեցաւ նաեւ այս քառամեակին ստեղծուած քարոզչական յանձնախումբին բեղուն գործունէութիւնը, որուն նշանակալի նորութիւնը կը հանդիսանայ 6 եւ 13 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք համա-ՀՄԸՄական քարոզչական առցանց Ա. սեմինարը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի համախմբէ միութեան այս մարզի պատասխանատուները եւ ՀՄԸՄական մասնագէտները:
Իբրեւ յառաջիկայի ծրագիրներ՝ Կեդրոնական վարչութիւնը իր սկզբունքային համաձայնութիւնը յայտնեց 2022ին միջ-դիւանական խորհրդաժողով եւ համա-ՀՄԸՄական մարզախաղեր կատարելու, իսկ 2023ին՝ երիտասարդական համագումար եւ համա-ՀՄԸՄական բանակում իրականացնելու:
Լիագումար նիստերու կողքին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյն օրերուն տեղի ունեցող ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւններու երկօրեայ առցանց խորհրդաժողովին: Կեդրոնական վարչութիւնը այցելեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Արմաւիրի նորակառոյց «Էմիլ Մաղաքեան» կեդրոն եւ ոգեկոչական ձեռնարկներու շարքով մը՝ Հրազդանի, Պռոշեանի, Բիւրականի եւ Եռաբլուրի մէջ նշեց Արցախեան պատերազմի նահատակները ընդհանրապէս եւ ՀՄԸՄական անձնազոհները յատկապէս:
Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց նաեւ ՀՄԸՄի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»ի անուանակոչութեան արարողութիւնը:
Կ՛արժէ նշել, որ Երեւանի մէջ իր լիագումար նիստերը կատարող Կեդրոնական վարչութեան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ միութիւնն ու հայութիւնը յուզող համահայկական նիւթերու շուրջ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երեւան, 4 Նոյեմբեր 2021