
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի հրատապ յայտարարութիւններուն իբրեւ անդրադարձ՝ Արցախի բնիկ ժողովուրդին՝ հայերուն, նկատմամբ Ատրպէյճանի գործած ռազմական յարձակումը փառաբանող ծանուցումի վահանակները վերցուեցան Սիտնիի նշանաւոր վայրերէն:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Քայսերեան ծանուցումը տեղադրած ընկերութեան տնօրէնին հասցէագրուած նամակին մէջ անոր ուշադրութեան յանձնեց այն, որ ընկերութեան վահանակները օգտագործուած են «Ատրպէյճանի բռնապետին կողմէ իրականացուած ցեղային զտումներու եւ մարդկայնութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններու փառաբանման համար»:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ ծանուցումը նաեւ հոգեբանական հոգեխոց կը պատճառէ աւստրալահայ համայնքին եւ կոչուած է 2020ին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի գործած սարսափելի ռազմական յանցագործութիւններուն, նաեւ շարունակուող մշակութային սպանդներուն ահաւորութիւնը ծածկելու:
Հայկ Քայսերեան դիտել կու տայ, որ, թէեւ ծանուցումը իբր թէ կոչ կ՛ուղղէ աւստրալացիներուն՝ այցելելու «ցեղային զտման ենթարկուած եւ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքը, սակայն անոր մէջ կայ նաեւ մանիշակագոյն թռչունի պատկերը, որ կը խորհրդանշէ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օրը» Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայերուն հանդէպ»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը իր նամակով բացատրեց, որ այդ ծանուցումներուն ճամբով 2020ի պատերազմին կատարուած ուղղակի յղումը աւստրալահայութիւնը գրգռելու բացայայտ փորձ է՝ փառաբանելով պատերազմը, մասնաւորաբար Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումները եւ ցեղային զտումները, որոնք հազարաւոր զոհեր, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ պատճառեցին։