12-14 Նոյեմբեր 2021ի շաբաթավերջին գումարուեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Ներկայացուցչական 42րդ ժողովը: Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը կը գումարուի իւրաքանչիւր Շրջանային վարչութեան աշխատանքային շրջանի աւարտին:
Ժողովին մասնակցողները ըստ էութեան քննարկեցին եւ իրենց գնահատականը տուին ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան եւ կարգ մը կարեւոր բանաձեւեր վաւերացուցին նորընտիր Շրջանային վարչութեան ապագայ գործունէութեան գծով:
Ժողովի վերջին օրակարգով 2021-2023 աշխատանքային ժամանակաշրջանին համար Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ քոյր-եղբայրները՝ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Սեւակ Կարապետեան, Սիւզի Օհանեան, Սիրան Մարսէլեան, Փիեռ Մանուկեան, Հրաչ Գալուստեան, Թալին Ղազարեան, Անիթա Տէրտէրեան, Ռուբինա Մանուչերի, Թամար Գիլիճեան եւ Փօլ Պաշգապագեան:
16 Նոյեմբեր 2021ի երեկոյեան, շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային Ներկայացուցչական 42րդ ժողովի դիւանը գումարեց ժողով մը նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին հետ, որուն ընթացքին դիւանի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ քոյր-եղբայրները՝ Յակոբ Թիւֆէնքճեան՝ ատենապետ, Սեւակ Կարապետեան՝ փոխատենապետ, Սիւզի Օհանեան՝ քարտուղար, Սիրան Մարսէլեան՝ գանձապահ:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը մեծ ակնկալութիւններով կը դիմագրաւէ իր աշխատանքային երկամեակը, որպէսզի լաւապէս առաջնորդէ իր շրջանը եւ համայնքը, այն հաստատ համոզումով, որ պիտի յաղթահարէ իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները, ինչպիսին է թագավարակը եւ հանրութեան պիտի ներկայացնէ ծրագիրներ ու աշխատանքներ, ինչպիսին են՝ Նաւասարդեան 45րդ Մարզախաղերը եւ փառատօնը, Շրջանային սկաուտական ճամպորին, Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը եւ շատ աւելին: