ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 25 Նոյեմբերին իր մահկանացուն կնքեց համայնքիս երկար տարիներու գործիչ, մտաւորական եւ բժիշկ՝ Վարդիթեր Կոճոլոզեան Յովհաննէսեան, որ 90 տարեկան էր։
Իր ամուսնոյն՝ արդի հայոց պատմութեան հեղինակութիւններէն դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողքին մնայուն ներկայութիւն հանդիսացած տոքթ. Վարդիթեր Յովհաննէսեան Հայաստանի վերանկախութենէն անմիջապէս ետք Հայաստան ճամբորդելով՝ իր մասնակցութիւնը բերած էր նորանկախ հանրապետութեան առողջապահական մարզը եւ յատկապէս կանանց առողջապահութիւնը ամուր հիմքերու վրայ դնելու ջանքերուն։
Ան նաեւ իր նախահայրերուն ծննդավայրին՝ Կարնոյ (Էրզրում) Ձիթող գիւղի պատմութեան նուիրուած հատոր մը, «Ձիթող Դաշտի Կարնոյ», հեղինակած է՝ ճամբորդելով աշխարի չորս անկիւնները եւ հարցազրոյցներ ունենալով ձիթողցիներու հետ։
Վարդիթեր Քոչոլոսեան ծնած էր Խարքովի (Ուքրանիա) մէջ, 1930ին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին տարիներով բանտարկուած մնացած էր տեղահանուած անձերու գերմանական ճամբարներուն մէջ, որմէ ետք ընտանիքին հետ Ֆրեզնօ հաստատուած էր, յաճախելով տեղւոյն համալսարանը։ Ան բժշկութեան վկայականը ստացած էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղէն եւ երկար տարիներ աշխատած էր «Քայզըր Փըրմընենթէ»ի Փանորամա Սիթիի մասնաճիւղի ներքին բժշկութեան բաժանմունքին մէջ։ Ան նաեւ նուիրեալ մայր մը եւ մեծ մայր մըն էր համայնքին մէջ յատկանշական ներդրում ունցած զաւակներուն եւ թոռնիկներուն։
Այս տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը, տնօրէնութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորին ցաւականութիւնները կը յայտնեն Յովհաննէսեան, Քոչոլոսեան եւ Մըսրլեան ընտանքիներուն։