ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ շարք մը ընդունելութիւններ իրականացուցած է Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանի նուիրատուներուն երախտագիտութիւն յայտնելու եւ շինարարութեան սկիզբը տօնելու համար:
17 եւ 23 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ընդունելութիւններուն ընթացքին, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան նուիրատուներուն փոխանցեց հոգաբարձութեան եւ վարչութեան ողջոյնները, խորին շնորհակալութիւնները յայտնելով հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած այս կառոյցին ցուցաբերած անոնց զօրակցութեան համար, որ մեծապէս նպաստած է նման կառոցի մը երազը իրականացնելու գործին:
Այնուհետեւ, թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան զեկուցեց թանգարանի ապագայ ծրագիրներուն եւ շինարարութեան ընթացքին մասին:
Ընդունելութիւններուն հովանաւորն էր «Էտիսըն Ինթըրնէշընըլ» ընկերութիւնը, որ թանգարանի գործընկերներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Հաւաքներուն ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ նշեալ հովանաւոր ընկերութեան հանրային յարաբերութիւններու վարիչ Զանգու Արմէնեան՝ խոստանալով շարունակել ընկերութեան զօրակցութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուսարձակի տակ առնել երկրին մէջ ամերիկահայութեան ներդրումները:
Թանգարանի ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: