Թրքական ընկերութիւններ սկսած են իրենց «ձեռքը վերցնել» Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքները։
Ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու՝ Թուրքիայէն ժամանած ընկերութիւնները մեծ ներդրումային ծրագիրներ ներկայացուցած են Ատրպէյճանի կառավարութեան։ Այս մասին, Պաքուի մէջ ընթացող Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա գործարար խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց Ատրպէյճանի տնտեսութեան նախարար Միխայիլ Ճապպարով։
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ընդհանուր առմամբ 921 դիմում ստացած են տեղական եւ արտասահմանեան ընկերութիւններէ՝ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ նախագիծեր իրականացնելու համար։