ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Թուրքիա կը ջանայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները հարթել, 13 Դեկտեմբերին յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու՝ նշելով, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար երկիրները յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն։
Անդրադառնալով այս առաջարկին՝ Bloomberg-ի լրագրող Սելճան Հաճաօղլու կը գրէ հետեւեալը․«Թուրքիոյ անակնկալ առաջարկը կը բխի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի խնդրանքէն։ Ինչպէս թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը աւելի կանուխ յայտնած էր, Պայտըն Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղւ ունեցած կհանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը յորդորած էր բանալ սահմանը մեկուսացման մէջ գտնուող Հայաստանի հետ»։
Հաճաօղլու նաեւ կը յիշեցնէ, թէ օրին Էրտողան մեղմ հակադառձութիւն ցոյց տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատող Պայտընի պաշտօնական յայտարարութեան։
Ըստ լրատու գործակալութեան՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլ առնելով՝ Թուրքիա յոյս ունի բարելաւել լարուած յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի հետ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան, 14 Դեկտեմբերին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ յայտնած է, որ հայկական կողմն ալ հայ-թրքական երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ պիտի նշանակէ։