Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Եւրոպայի «Ազգերու լիկա»ի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի մրցումները պիտի սկսի Սկովտիոյ հաւաքականին դէմ ճակատումով:
Հայաստան, որ նախորդ տարեշրջանին Գ. դասակարգին մէջ ունեցած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրացաւ Բ. դասակարգ, իր դիմաց պիտի ունենայ աւելի զօրաւոր մրցակիցներ, որոնք են՝ Սկովտիա, Ուքրանիա եւ Իրլնատա։
Ստորեւ, Հայաստանի հաւաքականին կատարելիք մրցումներու յայտագիրը.
4 Յունիս, Սկովտիա-Հայաստան
7 Յունիս, Հայաստան-Իրլանտա
11 Յունիս, Ուքրանիա-Հայաստան
14 Յունիս, Հայաստան-Սկովտիա
23 Սեպտեմբեր, Հայաստան-Ուքրանիա
26 Սեպտեմբեր, Իրլանտա-Հայաստան