
ԼԻԶՊՈՆ.- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 125,000 Եուրօ յատկացուց Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն: Այս քայլը կը յաջորդէ 2021ի սկիզբը դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (tablets) եւ 50 համակարգիչներու նուիրատուութեան:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, «Կիւլպէնկեան»ի Հայկական բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն: Վերջին տարիներուն, բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է՝ իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքին մէջ գործող վարժարաններուն:
Այսօր, Լիբանան կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամէնէն ծանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը: Իբրեւ պատասխան՝ բաժանմունքը ժամանակաւորապէս սառեցուց 2020ին մեկնարկած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, բաժանմունքը այժմ կ՛աջակցի բոլոր դպրոցներուն՝ անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:
Տրամադրուող այս օժանդակութիւնը մասնիկ մըն է Լիբանանի մէջ բաժանմունքին այլ նախաձեռնութիւններուն՝ կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղուած ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք բաժանմունքին կայքէջը՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/։