ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրաւունք չունի՛նք անյոյս ըլլալու, նոյնիսկ եթէ յուսահատեր ենք պահ մը եւ ինքնաբեկումնային վիճակի ենք մատնուեր անցեալ տարի: Բոլորս կը գիտակցինք, այն խոցերուն, զորս ստացեր ենք ուղղակի մեր սիրտին վրայ, ազգային, առողջապահական եւ հայրենական կորուստներու պատճառով, որոնց խոր վէրքերը տակաւին չեն սպիացած:
Առանց ինքնախաբէութեան յատուկ ջանք թափելու կրնանք զգալ, որ տկարացած ենք. այո՛ տկարացած ենք: Սակայն տկարութիւնը իր մէջ կը պարփակէ դարձեալ հզօրանալու ներուժը, որ վրէժխնդրութենէն շատ աւելի հեռուները կը տանի իրապաշտ մարդը, զայն հասցնելով մինչեւ իսկական յաղթանակի:
Քրիստոնէական կրօնին անհուն ուժականութեամբ հպարտ եւ անոր վերջնական յաղթանակով լեցուն հոգիով Պօղոս առաքեալ իր տկարութեան ամէնէն դժուար պահերուն, Աստուծոյ խօսքին հնազանդ՝ իր հաւատացեալները գօտեպնդելով՝ կ՛ըսէ. «Մարդիկ մեզի մեռած թող համարեն, բայց մենք ահա կենդանի ենք: Թող մեզի պատժապարտ համարեն, բայց մենք գիտենք, որ ազատած ենք մահուան դատապարտութենէն» (Բ. Կրնթ. 6.9):
Նորկտակարանեան սոյն պատգամին թափանցիկութիւնը, իմաստային սլաքումը եւ տկարութեան ճիրաններուն մէջ յայտնուած մարդուն հասցէագրուած ըլլալը յաւելեալ բացատրութեան չեն կարօտիր: Սակայն, տկարութեան մէջ թաքնուած մեծ զօրութեան արտայայտութիւնն է այս, որուն արտաքին տեսքը միայն կրնայ տկար թուիլ հեռուէն նայողներուն: Իւրաքանչիւր անձի ներքին համոզումը այն ուժն է, որ կրնայ զայն դարձեալ դուրս բերել, նոյնիսկ ամէնէն խոր փոսէն:
Առաքեալը նոյն նամակին մէջ, յիշելով իր սեփական տկարութեան պատճառներէն մէկը, զայն ինքնազօրացման սքանչելի առիթ կը համարէ, եւ խոր համոզումով իր փորձառութիւնը կը բաժնէ հաւատացեալներուն հետ. «Երբ տկար եմ, այն ժամանակ զօրաւոր եմ » (Բ. Կրնթ. 12.10): Սին ինքնախաբէութիւն չէ՛ սոյն խօսքը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ տկարութեան պահուն ինքնակենդրոնացումով եւ ներհայեցողութեամբ, կրնայ վերաթարմացնել իր ուժերը, նախ պահպանելու համար իր գոյութիւնը, ապա տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնայ վերատիրանալ իր կորսնցուցածներուն կամ վերականգնել ինքզինք:
Բարոյական յաղթանակներու անվերջանալի տեսականի ունինք մեր ազգային երկարաձիգ պատմութեան էջերուն մէջ, որ ակնկալուած ըլլալով, բոլորին սիրտին մէջ փայփայուող յոյսին խորքային իմաստ կու տայ եւ կը գօտեպնդէ մեր հաւաքական կամքը: Յիշողութիւններով ապրիլը, ապագայ անուրջներ հիւսելու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ մեր ազգին համար, այլ իրողութիւնները տեսնելու պատճառ պէտք է դառնայ: Երազներու պէտք չունինք, այլ իրողութիւնները իրենց անուններով կոչելու, անոնց համար ճիշդ ժամանակին ճիշդ որոշումներ տալու եւ ճիշդ վայրկեանին ճիշդ քայլ առնելու:
Աւարայրի արեան բաղնիքէն մինչեւ Տէր Զօրեան զոհասեղան երկարաձգուող բարոյական յաղթանակները, վերապրումի փաստացի տուեալներ ունին: Կասկած չունինք: Սակայն բարոյական յաղթանակներով եւ իր գոյատեւմամբ հպարտանալը բաւարար չէ՛ մեր ժողովուրդին համար, յատկապէս երբ «Դամոկլեան սուր»ը մեր պարանոցին դրուած է:
Տարին իր աւարտին կը հասնի եւ նոր տարեշրջան կը բացուի: Անցեալը չենք կրնար մոռնալ, սակայն տկարութեան մէջ իսկ աշխատանքի պիտի նուիրուինք, մեր տկարութիւնը զօրութեան փոխակերպելու համար: Նահատակներուն սուրբ արիւնը ինքնին բալասան է տկարութեամբ վիրաւոր մարդու բաց վէրքերուն, որովհետեւ անոնց մայրերուն արցունքախառն վրէժխնդրութիւնը նոյնիսկ ամէնէն տկար մարդուն կամքը կը թրծէ, եւ բոցկլտացող աչքեր կը պարգեւէ անոր: Նահատակները ջլապինդ կը դարձնեն տկարը, մինչ անոնց շիրիմներէն մխացող խունկի բոյրը վառօդի ծուխին յանգոյն, կը կոփէ անոր թուլցած կամքը, անոր յոգնած թոքերուն մէջ լեցուելով:
Տկա՛ր ենք, այո՛, որովհետեւ ազգովին անհոգութեամբ ընկողմաներ էինք, երբ մեր տարիներո՜ւ ձեռքբերումը յօդս ցնդեց: Բայց անյոյս չե՛նք: Մեր տկարութեան մէջ ստեղծեր ենք հաւաքական գիտակցութեան հարթակ, որուն կը պակսի համախմբուածութիւն եւ համագործակցութիւն: Պատմութիւնը լաւ ուսուցիչ ըլլալու կոչուած է, սակայն անոր խրատներն ու ուսուցումները լսող ուշիմ աշակերտներ ընդհանրապէս շատ քիչ կը գտնուին մարդկութեան կեանքի դասարաններուն մէջ: Մեծամասնութիւնը կա՛մ թերաւարտ կ՛արձակուի եւ կամ բարձր բայց կեղծ վկայականներով կ՛աւարտէ իր ուսումը, ի՛նք ուսուցչի դեր ստանձնելով…:
Բայց անյոյս չենք, որովհետեւ «երբ տկար եմ, այն ժամանակ զօրաւոր եմ»: Յոյսը ո՛չ մէկ անգամ այնքան զօրեղ փայլքով կը յայտնուի մեր սիրտին մէջ, որքան՝ յուսալքումի ծանրագոյն պահուն: Դժուարութեան ծանրութիւնը, նաեւ լուծում կը բերէ այդ դժուարութեան: Յուսախաբութեան պատճառով ծագած յոյսը, նոր հաշուարկներ կը կատարէ, նոր անձերու հոգիներուն մէջ փրկութեան լոյսը կը վառէ եւ զանոնք կը զինէ քաջութեան առաքինութեամբ:
Տկարութենէն ընդհանրապէս հակառակորդը կ՛օգտուի, սակայն անկէ կրնայ առաջին հերթին ինք՝ տկար անձը օգտուիլ, ինքնազօրացման սքանչելի առիթի վերածելով զայն, իր տկարութիւնը ծածկելով թշնամիի խուզարկու ուշադրութենէն: Տկարութեան ժամանակահատուածը, կարճ կամ երկար, յոյսի օրօրոցի պէտք չէ վերածենք, այլ նպատակասլաց եւ կազմակերպ ճամբարի:
Իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ գտնուի, ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ, կամ ընկերութեան կեանքին մէջ ինչ պաշտօն ալ ունենայ՝ պարտաւոր է մաս կազմել ազգային այս ինքնակազմակերպման ճամբարին, տկարութեան պահու ամբողջական օգտագործման նուիրելով իր անձը, անով վերստին զօրանալու համար:
Բացուող տարուան բոլոր օրերը շահարկելու եւ նոյնիսկ մէկ վայրկեան իսկ չկորսնցելու ստիպողութեան դիմաց կը գտնուինք, մեծով ու փոքրով, հարուստով ու աղքատով, առանց դասակարգային խտրութեան, որովհետեւ բոլորս հաւասարապէս տկարացած ենք, բայց անյոյս ըլլալու պատճառ երբե՛ք չունինք:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ԲԱՐԻ ԿԱՂԱՆԴ