ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անհետ կորսուած նկատուուղ զինուորներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները 14 Յունուարին փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուեցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած` Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ: Այս մասին յայտնեցին Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:
«Որոնումներն արդիւնք չեն տուել, աճիւն կամ մասունք չի յայտնաբերուել: Առաջիկայ ուղղութիւնների եւ արդիւնքների մասին Արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութիւնը կը տրամադրի յաւելեալ տեղեկութիւն», կ՛ըսուի ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ռազմական գործողութիւններու դադարէն ետք, մինչ օրս, տարհանուած եւ հաստատուած են 1705 աճիւնններ: