Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն, իրենց եղբօր ու հարազատին՝ ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առթիւ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ եկեղեցւոյ հգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: