Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը թեմի Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երեսփոխան, հոգաբաձու եւ հասարարական կրթական գործիչ ՎԱՀԻԿ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆի։
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ ՕՖելիա Ծատուրեանին, զաւակներուն, Դաւթեան Մարիամեան Կրթական հաստատութեան անդամներուն եւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ