ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հետախուզութիւններու դաշնակցային գրասենեակին (FBI, «Էֆ.Պի.Այ.»ը) կողմէ հետապնդուող դեմոկրատ քոնկրեսական Հենրի Քուէլար եւ անոր անձնակազմի անդամները վերջին տասնամեակին քանի մը առիթներով Ատրպէյճան այցելած են, կը հաղորդէ «Ֆաքս Նիուզ» կայքը։
Արդարեւ, քոնկրեսականը, անոր կինը եւ քոնկրեսականին բարձրաստիճան պաշտօնատար մը 2013ին 25,000 տոլար արժած պտոյտ մը կատարած են դէպի Պաքու, մնալով շքեղ Four Seasons պանդոկին մէջ։ Այդ այցելութեան ընթացքին քոնկրեսականը շարք մը հանդիպումներ ունեցած է Ատրպէյճանի պետական ուժանիւթի ընկերութեան ներկայացոքւցիչնետրուն հետ, իսկ Ուաշինկթըն վերադարձին ներկայացուցած է Ատրպէյճանէն անցնող բնական կազատարի մը ծրագիրին զօրակցող բանաձեւ մը։
Բացայայտուած է, թէ այդ ճամբորդութիւնը հովանաւորած է թրքախօս երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանք տանող Turquoise Council of Americans and Eurasians կազմակերպութեան կողմէ, որ հաւանաբար Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ստեղծուած մարմին մըն է։ Արդարեւ, անիկա արդէն իսկ առիթով մը պատժուած է «օտար կարավարութենէ» մը ստացած գումարները ծածկելու յանցանքով։
Քուէլար 2018ին եւս Ատրպէյճան այցեալ էր, այս անգամ ամերիկացի քաղաքացիներու հաշուոյն…