
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը տեղ տուած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին։
Պատրիարքը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ հայերը ուրախ են Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ ձեռնարկուած այս քայլերով, պնդելով, որ երկու դրացի երկիրները ունին խոր պատմութիւն մը եւ արժէքաւոր կը համարուին այն բոլոր քայլերը, որոնք թէ՛ ներդրումներու եւ թէ մշակութային առումով կրնան ապահովել անոնց յարաբերութիւններու ամրացումը:
«Պոլսոյ հայերուն տեսակէտը ծայր աստիճան կարեւոր է, որպէսզի երկու հասարակութիւնները զիրար ճանչնան, կարողանան իրարու հետ աշխատանքներ իրականացնել, ներդրումներ կատարել եւ այս ուղղութեամբ հարուստ մշակութային արժէքներու հասարակաց յայտարարի մը վրայ համատեղելով՝ յարաբերութիւնները օրէ օր բարելաւուին», կ՛ըսէ ան:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը նոյն կապակցութեամբ շօշափած է նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքէն շարք մը աշխարհական գործիչներու տեսակէտը, որոնց շարքին կը գտնուին՝ «Գարակէօզեան Տան» խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, «Ակօս»ի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան եւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան:
Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը յայտնէ, որ լաւ են վերջին իրադարձութիւնները: «Այս կէտէն սկսեալ, Թուրքիա այլեւս ամէն նիւթի շուրջ պէտք է ձեռք երկարէ Հայաստանին ու պէտք է վարուի մեծ եղբօր նման», կ՛ըսէ ան: