
ԹԵՀՐԱՆ, ՊԱՔՈՒ․- Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմետ Աշտիանի Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը կարեւոր գործօն մըն է։ Բանակցութիւններուն ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ ռազմական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած համատեղ աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն մը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Ճանապարհաշինութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Ռուստամ Ղասիմիի հետ, որ նաեւ Իրան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի նախագահն է։ Ալիեւ պնդեց, թէ դրական լուրեր կը ստանան «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման շուրջ՝ աւելցնելով․«Հայաստան իր կողմէ կը նախատեսէ սկիզբ տալ այդ աշխատանքներուն։ Կը յուսամ, թէ յետ-պատերազմեան ժամանակահատուածը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ ամբողջ տարածաշրջանին առջեւ։ Անշուշտ, Իրանի ներդրումը այդ աշխատանքներուն մէջ շատ կարեւոր է»։