ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողով կազմելու մասին, յայտնեց նախագահի աշխատակազմը:
«Ելնելով իշխանութեան ճիւղերի լիազօրութիւնների հաւասարակշռումը կատարելագործելու, հանրային կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնից եւ ղեկավարուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 93րդ յօդուածի 7րդ կէտով՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Յունուարի 31ին ստորագրել է հրամանագիր՝ ԱՀ նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումների յանձնաժողով ստեղծելու մասին: Հրամանագրով հաստատուել է յանձնաժողովի անհատական կազմը՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերի կառավարչութեան պետ Արայիկ Լազարեանի գլխաւորութեամբ», կ՛ըսուի նախագահի աշխատակազմին հռապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հրամանագիրին՝ յանձնաժողովին յանձնարարուած է երամսեայ ժամկէտի ընթացքին նախագահին ներկայացնել Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը: