
ՍԹՈՔՀՈԼՄ․- Թուրքիոյ արդարադատութեան նոր նախարար Պեքիր Պոզտաղ, որ իր պաշտօնը ստանձնեց 28 Յունուարին, 2014ին իրականացած «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան զէնք մատակարարելու ծրագիրին մեղսակիցներէն մէկն է, կը գրէ «Նորտիք Մանիթըր» կայքը:
Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Ատանա նահանգի դատախազութիւնը Պոզտաղի նկատմամբ հետաքննութեան սկսած էր, երբ ան ապօրինաբար միջամտած էր Սուրիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն ապօրինի զէնք մատակարարելու հետաքննութեան:
Թրքական հետախուզութեան գործակալներուն մասնակցութեամբ, թուրք-սուրիական սահմանը հասած բեռը Յունուար 2014ին գրաւուած էր իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:
Էրտողանի կառավարութեան գաղտնազերծուած հազարաւոր փաստաթուղթերուն մէջ կան ապացոյցներ, որ զէնքի ապօրինի մատակարարումը կատարուած է Պոզտաղի «հովանաւորութեամբ»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ դատախազները եւ տեղական իրաւապահ մարմինները փնտռած են տուեալներ՝ բացայայտելու համար, թէ «Քայիտա»ին ի՛նչ առաքուած է, Էրտողանի կառավարութեան մերձաւոր շրջապատը փորձած է խանգարել հետաքննութիւնը, շարունակելով զէնք հասցնել Սուրիա: