
ՊԸՐՊԵՆՔ․- Ուրբաթ, 28 Յունուարի առաւօտեան ժամը 11ին, Հայոց Բանակի կազմաւորման 30ամեակին առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հարաւային կողմի Սրբոց Նահատակաց մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` նուիրուած մեր նահատակ զինուորներու յիշատակին:
Արարողութեան նախագահեց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահբազեան: Արարողութեան ներկայ էին մատուռի ներսը տեղադրուած խաչքարի բարերար Կարէն սրկ. Վարդանեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալ հայորդիներ, որոնք իրենց աղօթքով մասնակից դարձան յիշատակի արարողութեան: