ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան «սպիտակ մօրուսաւորներ»ու (աւագներու) խորհուրդի 12րդ ժողովը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Պաղտատ Ամրէեւ, իսկ նիստը գլխաւորեց Պինալի Եըլտըրըմ, որ ներկայիս կը գլխաւորէ այդ կազմակերպութեան աւագներու խորհուրդին: Մասնակցողներու շարքին էր նաեւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Հասան Հասանով։
Եըլտըրըմ նշեց, որ այս կազմակերպութիւնը օրէ օր կ՛ընդարձակէ իր գործունէութիւնը եւ կը զօրանայ: Անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնները եւս օրէ օր կ՛աւելնան: Այս իրավիճակին մէջ, երէցներու խորհուրդն ալ, պետութիւններու ղեկավարներուն կողմէ որդեգրուած ուղղութեամբ՝ խտացեալ աշխատանք կը ծաւալէ, որպէսզի թրքական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգանան եւ նպաստ ապահովուի տնտեսական, ընկերային ու մշակութային բնագաւառներուն: