ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները 11 Փետրուարին հրապարակեցին յայտարարութիւն՝ նշելով, որ իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն իշխանութիւններուն ստեղծած, 44օրեայ պատերազմի հարցերու քննիչ յանձնաժողովին։
Անոնք յայտարարութեան մը միջոցաւ դիտել կու տան, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովներու ստեղծումը ընդդիմադիր ուժերու հիմնական գործիքակազմերէն է: Սակայն, իշխանութիւնները չեն կրնար առարկայական կերպով քննել իրենց իսկ գործողութիւնները, իսկ ասոր ապացոյցն է նաեւ իշխանութեան եւ անոր ուղղակի ցուցումները կատարող ու գործադիր իշխանութեան մաս կազմող իրաւապահ մարմիններուն` մէկ միասնական դիրքորոշումով հանդէս գալը:
«Չնայած այս պարզ ճշմարտութեանը` իշխանութիւնը, որը հրապարակաւ յայտարարել է, որ աղէտալի պատերազմի հետեւանքների «թիւ մէկ մեղաւորը» եւ «թիւ մէկ պատասխանատուն» հէնց ինքն է, իր գլխաւորութեամբ ստեղծում է քննիչ յանձնաժողով: ԱԺ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերի մշտական յանձնաժողովը` իր նախագահութեամբ, որի կազմում գործելու է քննիչ յանձնաժողովը, առհասարակ զուրկ է որեւէ կերպ առարկայական լինելու հնարաւորութիւնից, այդ թւում` առկայ են մասնակցութեան անհնարինութեան հիմքեր յանձնաժողովի նախագահի պարագայում: Յստակ է, որ քննիչ յանձնաժողովն իշխանութիւնների «անմեղութեան» բեմադրութեանն է լծուած լինելու», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Այս եւ այլ հանգամանքներ նկատի ունենալով` ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները կը հաստատեն, որ որոշած են չմասնակցիլ իշխանութիւններուն կազմած քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն՝ նոյն ատեն շեշտելով, որ 44օրեայ աղէտալի պատերազմի արդիւնքներու մեղաւորներու բացայայտումը կը մնայ խմբակցութիւններուն գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: