ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի 11 Փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ, որոնք իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին դատական եւ քաղաքական վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:
Լին Թրէյսի ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական ուղիին:
Ըստ դեսպանատան՝ քննարկուեցան շարք մը այլ հարցեր:
Նոյն օրը ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ՝ իրենց ընդվզումը արտայայտելով Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կազմաքանդման, խորացող բռնաճնշումներուն եւ դատական իշխանութեան անկախութիւնը ոտնահարող կոպիտ միջամտութիւններուն նկատմամբ եւրոպական կառոյցներուն դրսեւորած անտարբերութեան, յաճախ նաեւ այս արատաւոր երեւոյթներուն գծով ցուցաբերած խրախուսական քաղաքականութեան առնչութեամբ:

«Յարգանքի տուրք Հայաստանում ժովորդավարութեան յիշատակին» խորագիրը կրող ցոյցին մասնակցողները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը չդատապարտելու, պատերազմական յանցագործութիւններուն, որոնց կարգին քիմիական զէնքի գործածութեան իրողութիւնը լռութեան մատնելու եւ մեր հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքի իրաւունքը ոտնահարելու փաստը չդատապարտելու գծով։
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորին եւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ)Արման Թաթոյեան եւս իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը, որոնց կարգին՝ արտայայտման ազատութեան, մամուլի եւ տեղեկատուութեան ազատութեան, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական ոլորտներուն մէջ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԻՊի գրասենեակին՝ գերազանց համագործակցութեան եւ գործընկերութեան համար, ընդգծելով այս հաստատութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւնը: «Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքի գերակայութիւնը ու պիտի աջակցի այդ ուղղութեամբ բոլոր ջանքերուն», հաստատեց Անտրէա Վիքթորին։