ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ յետմիջօրէն հրապարակուած յայտարարութեամբ մը կտրուկ կերպով դէմ արտայայտուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ներկայ ջանքերուն, յատկապէս այս միջոցին, երբ Անգարա կը շարունակէ սպառնալ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ հայ ժողովուրդին տարրական իրաւունքներուն:
Հայ Դատը միաժամանակ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ ոչ միայն դէմ դնեն Անգարայի ծաւալապաշտական քայլերուն, այլ նաեւ՝ պատմական իր ոճիրներուն եւ հայութեան դէմ շարունակուող բռնարարքներուն հետեւանքներէն խուսափելու Թուրքիոյ ջանքերուն:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Ցեղասպանութիւնը ուրացող Անգարայի իշխանութիւնները կը ջանան հայութեան շահերուն դէմ եղող համաձայնութիւն մը պարտադրել Հայաստանի վրայ, որպէսզի խուսափին թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ թէ Արցախի բռնագրաւման ընթացքին իրենց գործադրած ոճիրներուն համար արդար հատուցում տալէ:
Կը նշուի նաեւ, որ Անգարա կը շարունակէ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար նախապայմաններ սահմանել, որոնց շարքին են՝ Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցման պահանջներէն հրաժարում, Արցախի ամբողջական կցումը՝ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանի մասնատում՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ին ստեղծումով:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջանքերուն զօրակցելու Պայտընի վարչակազմին կեցուածքին նկատմամբ եւ կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընի, որ հայութեան շահերուն խոտոր այս գործընթացքին գծով ճնշում չբանեցնէ Հայաստանի իշխանութեանց վրայ, այլ ճնշում բանեցնէ Անգարայի վրայ՝ անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումին եւ շրջանին ապահովութիւնը վտանգող քայլերուն վերջ մը դնելու նպատակով:
Կը շեշտուի նաեւ, թէ Ուաշինկթըն պէտք է հետապնդէ Անգարայի մեղսակցութիւնը՝ 2020ի Արցախի պատերազմին, պէտք է յստակօրէն ընդդիմանայ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին գործունէութիւնը խափանելու Անգարա-Պաքու համակարգուած ջանքերուն եւ պէտք է լուրջ քայլերու դիմէ՝ կասեցնէ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող՝ հայկական եւ քրիստոնէական կոթողները բնաջնջելու Անգարայի արշաւը:
After helping Azerbaijan to kill 5,000 soldiers and 15,000 wounded,
seeing Armenia weak enough, Turkey after 20 years of closed
border, now proposed “without condition”, border opening;
suddenly changing, WITH 4 CONDITIONS; Turkey BEING UNRELIABLE
COUNTRY, 1894, 1909, 1915 GENOCIDES WITH 2,000,000 VICTIMS,
MORALLY, A KILLER NATION, IS TOTALLY REFUSED ASSASSIN COUNTRY
TO DEAL WITH, UNLESS ACCEPTS *OUR LEGITIMATE CONDITIONS*,
WITH ITS TOTAL INTERNATIONAL SIGNED AGREEMENTS, 1919 SEVRES,
ARMY HIGH COURT GENOCIDE ACCEPTANCE, WITH HANGING RULINGS.
UNDER WEAK CONDITION, ALL AGRICULTURE WILL BE BANKRUPT, LANDS
WILL BE SOLD TO TURKS, ALL 107 YEARS DREAMS FOR JUSTICE
VANISHED !!!!!. PASHINIAN, VASSAL OF PUTIN, MUST RESIGN BEFORE
COMPLETES 101 MOSCOW TREATY “SACRIFICING ARMENIA” PROJECT,
Lukashenko INSULT, AS WARNING SLAP, MUST MOVE NATIONALIST
UNITED FORCES TO *RECTIFY* IMPOSED SLAVERY TO ARMENIA 101
YEARS BY BOLSHEVIKS TURNING 1st REPUBLIC CONTINUATION
NOT 2nd !!!!!.