ՊԱՔՈՒ, «Ազերթաք»․- «Մենք ուժանիւթային կապեր ունինք մեր դրացի երկիրներուն հետ եւ այժմ կ՛աշխատինք նոր նախագիծի վրայ: Կը նախատեսենք Զանգեզուրի միջանցքին ճամբով նոր գիծ կառուցել Ատրպէյճանէն Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն, այնտեղէն ալ` Թուրքիա եւ Իրան», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Ես արդէն ըսի, որ Զանգեզուրի միջանցքը նախատեսուած է ո՛չ միայն երկաթուղիի, ճամբաներու եւ օդային փոխադրութեան համար: Զանգեզուրի միջանցքը միաժամանակ իր դերը պիտի ունենայ ուժանիւթային հարստութիւններու արտածման գործին մէջ: Պիտի ունենանք Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս կազմող Նախիջեւանի ելեքտրականութեան մատակարարման նոր գիծ, այնտեղէն ալ` արտաքին շուկաներ, իսկ Թուրքիայէն ետք` Եւրոպա: Մենք աճող արտածումը պիտի բարձրացնէ մեր աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ մեզի յաւելեալ օտար դրամանիշ պիտի բերէ», պնդեց Ալիեւ: