ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այնքան ատեն, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել եւ մարդկային կեանքեր խլել, աշխարհի երկիրները, յատկապէս Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, ստիպուած են բարդ ընտրութիւն կատարելու իրենց քաղաքականութեան, հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս քուէարկութիւններու ընթացքին: Հակառակ Թուրքիոյ յարափոփոխ դիրքորոշման մասին գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն, ակնյայտ է, որ ո՛չ Ռուսիա, ոչ ալ Արեւմուտքը կ՛ուզեն Թուրքիան մղել ընդդիմադիր ճամբար: Նախագահ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալին գոռոզաբար ըսած է CNN-ի, որ արեւմտեան երկիրները կոչ ըրած են Թուրքիոյ՝ պահպանել իր կապերը Ռուսիոյ հետ, ինչ որ շատ քիչ հաւանական է: Մէջբերուած են Էրտողանի խօսքերը. «Մենք ո՛չ Ուքրանիայէն, ո՛չ Ռուսիայէն կը հրաժարինք»: Իրականութեան մէջ, ասիկա կը բնութագրուի իբրեւ «ռազմավարական անորոշութիւն»:
Ահա՛ իմ վերլուծութիւնը այս պատերազմին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ունենալիք հետեւանքներուն մասին: Արդեօք անոնք կը յաջողի՞ն պահպանել իրենց երկդիմի դիրքերը, թէ կը սայթաքին եւ կը կորսնցնեն իրենց դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը:
Սկսինք քուէներով, զորս այս երեք երկիրները տուած են ներկայ տագնապին ընթացքին: Առաջին քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 25 Փետրուարին, Եւրոպական խորհուրդին մէջ, որուն կ՛անդամակցին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա: 47 անդամներէն միայն Ռուսիա եւ Հայաստան դէմ քուէարկած են՝ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ Նախարարներու կոմիտէէն ներս Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու միջնորդութեան: Կողմ քուէարկած են 42 երկիրներ: Ատրպէյճան չէ քուէարկած, իսկ Թուրքիա ձեռնպահ մնացած է:
Յաջորդ քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Փետրուարին, ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը Խորհուրդի օրակարգ ներառելու մասին: Խորհուրդի 47 անդամներէն 29ը կողմ քուէարկեց, իսկ 13ը ձեռնպահ մնաց (ներառեալ Հայաստան): Հաւանաբար, Ռուսիա չգոհացաւ Հայաստանի քուէարկութեամբ: Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տենիս Աֆթոնոմով իր կառավարութեան գոհունակութիւնը յայտնեց Հայաստանի քուէարկութեան կապակցութեամբ: Աւելի կարեւորը այն է, որ 4 Մարտին, Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը քուէարկեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ խախտումները հետաքննող յանձնախումբ մը ստեղծելու օգտին: Կողմ քուէարկեց 32 եւ ձեռնպահ մնաց 13 երկիր (ներառեալ Հայաստան): Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ՄԱԿի այդ խորհուրդին անդամ չեն:
ՄԱԿի Գլխաւոր խորհուրդը 2 Մարտին բանաձեւ մը վաւերացուց՝ կոչ ընելով ռուսական ուժերուն դուրս գալ Ուքրանիայէն: Ասոր կողմ քուէարկեց 141 անդամ, ձեռնպահ մնաց 35 անդամ (ներառեալ Հայաստան): Թուրքիա կողմ քուէարկեց, իսկ Ատրպէյճան չքուէարկեց: Անկախ քուէարկութենէն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վրայ դրուած է Ռուսիոյ հետ իր երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքը հաւասարակշռելու բաւական դժուար հարցը՝ միաժամանակ փորձելով լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Արեւմուտքի հետ: Հակամարտութեան առնչութեամբ, Փաշինեան իր առաջին զգուշաւոր կարծիքը արտայայտեց 2 Մարտին՝ ըսելով. «Մենք սրտի կսկիծով կը հետեւինք հետզհետէ ծաւալող իրադարձութիւններուն, որոնք, հիմա արդէն ակնյայտ է, որ պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ: Մեր յոյսն է, որ այսօր նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կայանան ու արդիւնաւորուին, եւ դիւանագիտութիւնը յաջողի լռեցնել թնդանօթները»:
Ատրպէյճան եւս կը գտնուի երկու ճամբարի մէջ: 26 Փետրուարին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի «Թուիթըր»ի վրայ երկու անգամ գովաբանեց Ատրպէյճանը, որ 5 միլիոն տոլարի դեղորայք մատակարարած է Ուքրանիոյ եւ վերջինիս շտապ օգնութեան ինքնաշարժներուն համար ձրի քարիւղ տրամադրել հրահանգած է Ուքրանիոյ մէջ քարիւղ վաճառող ատրպէյճանական կեդրոններուն, այս բոլորը՝ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշինքի պայմանագիր ստորագրելէն միայն քանի մը օր ետք: Սակայն Ատրպէյճան, ինչպէս Թուրքիա եւ Հայաստան, պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ: Միւս կողմէ, որովհետեւ Ուքրանիա քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած էր Ատրպէյճանին, մինչեւ 2020ի արցախեան պատերազմը, եւ տրուած ըլլալով, որ 2000 ռուս խաղաղապահներ կ՛ապահովեն արցախահայութեան անվտանգութիւնը՝ Արցախի կառավարութիւնը ճանչցաւ Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Ուքրանիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու «անկախութիւնը»:
Թուրքիա ՆԱԹՕի միակ անդամն է, որ մերժած է պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ բաց պահած է իր օդային տարածքը ռուսական ինքնաթիռներու համար, որպէսզի չկորսնցնէ ռուսական ներդրումները, կազի ներկրումը եւ զբօսաշրջիկներէ ստացուող մեծ եկամուտները: Զարմանալիօրէն, 1 Մարտին, Էրտողան հաստատեց Պելոռուսի հետ ներդրումներու խթանման համաձայնագիրը. Պելոռուս Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուած է՝ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակման միանալուն համար: Միւս կողմէ, Թուրքիա արգելափակած է ռուսական որոշ ռազմանաւերու անցքը թրքական նեղուցներով դէպի Սեւ ծով, ինչպէս նախատեսուած է 1936ի Մանթրոյի համաձայնագիրով: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն իր երախտագիտութիւնը յայտնած է թրքական այս որոշումին համար: Այսուամենայնիւ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը մնան սառն:
Երբ թրքական անօդաչու թռչող տասնեակ սարքերէն հինգը խոցուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ, Ուքրանիա ծրագրեց Թուրքիայէն գնել անօդաչու թռչող յաւելեալ սարքեր, որոնք թիրախաւորած պիտի ըլլան ռուսական զինուած շարասիւնները: Միւս կողմէ, Թուրքիա գնած էր ռուսական S-400 հակաօդային հրթիռներու համալիրը, ինչ որ ստիպեց Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ կիրարկելու ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ՝ արգիլելով վերջինիս ամերիկեան F-35 ռմբակոծիչներու ձեռքբերումը:
1 Մարտին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Քարլոթա Կալի յօդուածը՝ «Ուքրանիա Ներխուժումը Կը Մեծցնէ Բախումը Էրտողանի Եւ Փութինի Միջեւ» վերնագիրով: Ան կը յայտնէ, որ պատերազմի մեկնարկէն ժամեր առաջ, թրքական երկու ինքնաթիռներ վայրէջք կատարած են Ուքրանիա՝ Քիեւէն դուրս բերելու համար դիւանագիտական անձնակազմը եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներ: Այսուամենայնիւ, ինքնաթիռները եւ դուրս բերուած մարդիկ արգելափակուած են հոն, որուն իբրեւ հետեւանք՝ երկրէն ներս սկսած են քննադատելու Էրտողանը, մօտեցող վտանգը ըմբռնել չկարենալուն եւ աւելի արագ չշարժելուն համար: Առաւել, Էրտողան նախագահներ Փութինն ու Զելենսքին հրաւիրեց Թուրքիա՝ առ ի միջնորդութիւն պատերազմի լուծման: Փութին քաղաքավարի կերպով մերժեց անոր հրաւէրը: Մինչ Էրտողան փակեց արեւմտեան քանի մը լրատուական միջոցներ՝ լռեցնելու համար Ռուսիոյ հասցէին անոնց քննադատութիւնը:
Հակառակ այս պատերազմին գծով Թուրքիոյ ցուցաբերած անորոշ կեցուածքին, «Ուքրանիոյ մէջ, պատերազմին ընթացքին, Ռուսիոյ կողմէ աւերուած են թրքական գործարաններ եւ չորս պահեստներ: Այս գործարանները կ՛արտադրէին զինամթերք եւ փոքր ռումբեր», հաղորդած է լոնտոնեան «Օրուան Կարծիքը» (Rai Al-Youm) արաբական թերթը, որ կ՛աւելցնէ. «Քանդուած է մեծ գործարան մը, որ մասնագիտացած էր «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերու մասերու արտադրութեան մէջ»: Ուքրանական գործարանները կը մատակարարեն թրքական անօդաչու թռչող սարքերու շարժիչներ եւ այլ կարեւոր մասեր: Պարբերականը մէջբերած է Էրտողանի անանուն աւագ խորհրդական մը, ըստ որուն՝ Ուքրանիոյ մէջ թրքական կորուստները կը կազմեն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կրնան հասնիլ միլիառաւոր տոլարներու:
Նոյն ժամանակ, Էրտողանի փեսան՝ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող Սելճուք Պայրաքտար, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ես խստագոյնս կը դատապարտեմ Ռուսիոյ անօրինական ներխուժումը, որ խախտում է անկախ պետութեան մը ինքնիշխանութեան իրաւունքին»՝ աւելցնելով, որ ինք աջակից է «Ուքրանիոյ եւ Խրիմի՝ մեր թուրք եղբայրներու հայրենիքին, որ կը դիմադրէ բռնագրաւման»: Երկրորդ «թուիթ»ի մը մէջ Պայրաքտար ափսոսանք յայտնած է «պատերազմին պատճառած աւերներուն եւ տառապանքներուն համար»: Թուրքիոյ քաղաքացիները, սակայն, մատնանշած են կեղծաւորութիւնը այս «մահուան վաճառական»ին, որուն անօդաչու թռչող սարքերը հսկայական աւերներ գործած են ամբողջ աշխարհի մէջ: Ակնյայտօրէն, ան իր առեւտրական շահերը վեր կը դասէ մարդկային կեանքէն:
Ռուս-ուքրանական պատերազմը խախտած է միջազգային կարգի չափանիշները՝ ստիպելով բազմաթիւ երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, որ նրբանկատօրէն հաւասարակշռեն իրենց շահերը երկու կողմերուն հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ