ՊՈՍԹԸՆ․- Կազմակերպութեամբ Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, 10 Ապրիլին, Ուոթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին: Օրուան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան կրթութիւնը 21րդ դարուն` Պոսթընէն Պուրունտի»:
Օրուան հանդիսավար Անի Զարգարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 10 վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ օրուան բանախօսը՝ «Օրորա»ի (2016) եւ Միացեալ ազգերու «Նանսէն» (2005) մրցանակակիր Մարկըրիթ Պարանքիցէի (Պուրունտի) անձնական եւ հետեւողական ջանքերով հիմնած Maison Shalom բարեգործական հիմնարկը: Այս կեդրոնին պարտականութիւնն էր խնամել եւ դաստիարակել փոքր տարիքէն չարաչար շահագործուած եւ ստիպողաբար ռազմաճակատ տարուած պատանիներ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Պարանքիցէ, որ վերապրած է իր երկրի ներքին քաղաքացիական պատերազմը: Ան սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ` նկարագրելով, թէ որքա՛ն զարհուրելի է ատելութիւնը` կոչ ուղղելով ամէն գնով դէմ կենալու որեւէ պատերազմի, որպէսզի կտրուկ կերպով վերջ դրուի ծայրայեղութիւններուն, ատելութիւններուն եւ ցեղասպանութիւններուն:
Օրուան զեկուցողնե` դոկտ. Լեռնա Էքմեքչիօղլու (Պոլիս ծնած, պատմութեան դասախօս` Պոսթընի MIT համալսարանի), Էրիք Քոհըն (ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարող անձ մը, որ յատկապէս հարաւային Սուտանի մէջ պատահած ջարդերուն գծով աշխատանք տարած է), Հերման Բրուտեան («Արմինիըն Ըսեմպլի»ի գործօն անձերէն, որ շարունակ գործած է ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման) եւ դոկտ. Տիգրան Խալիկեան (Արեւելեան Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար եւ ցեղասպանութեան մասնագէտ, դասախօս) անդրադարձան, թէ ինչպէս կարելի եղած է տարիներ շարունակ աշխատիլ եւ քաղաքական բեմի վրայ համոզել ղեկավարներ, որպէսզի կարելի ըլլայ ցեղասպանութիւններու մասին յատուկ դասընթացք ներկայացնել, առաջին հերթին Մեսեչուսեցի եւ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու կրթօճախներուն մէջ: