

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսիայի մէջ արդէն սկսան տեղի ունենալու Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։
Հայոց Ցեղասպանութեան 107րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկի մը մասնակցած Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթիան Քամպոն լուսանկարներ հրապարակած է այդ ոգեկոչումէն եւ գրած հետեւեալը. «Յուզիչ հաւաք 1915 թուականին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ` Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Դոլմաջեանի մասնակցութեամբ: Նոյնիսկ այսօր Հայաստանի ապահովութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը մնայուն սպառնալիքի տակ են Ատրպէյճանի կողմէ»։
Ասոր զուգահեռ, Ֆրանսայի Նիմ քաղաքի կեդրոնը, 16 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակի եւ հայկական խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Նիմի քաղաքապետ Ժան Փոլ Ֆուրնիէ, Ֆրանսիայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Նիմի հայկական ընկերակցութեան («Amicale Franco-Armenienne de Nimes et du Gard») նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան: Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Ֆրանսուազ Տիւմա, ինչպէս նաեւ Մարսէյի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Սամուել Լալայեան:
Իր խօսքին մէջ Հայաստանի դեսպանը յիշեցուց այն կարեւոր դերակատարութիւնը, զոր Ֆրանսան ունեցաւ Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներուն ապաստան տալուն մէջ: Ան ընդգծեց նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2001ին օրէնքի ուժով ճանչնալու, ինչպէս նաեւ` 24 Ապրիլ 2019էն ի վեր Ֆրանսայի պետական յիշատակի օրերու ցանկին վրայ ընդգրկելու կարեւորութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մէջ:

Եզրափակելով իր խօսքը`Դոլմաջեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նիմի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անմահացնող հրապարակի անուանակոչման եւ խաչքարի տեղադրման նախաձեռնութեան հաւանութիւն տալուն համար:
Դեսպանը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նիմի` համեմատաբար նոր կազմուած ֆրանսահայ համայնքին` ի դէմս քաղաքի հայկական ընկերակցութեան եւ անոր նախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի` այս կարեւոր նախաձեռնութեան եւ զայն կեանքի կոչելնուն համար:
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը, ապա՝ ծաղկեպսակներու զետեղումը: