
Պատուարժան խմբագիր «Ասպարէզ» Օրաթերթի եւ յարգարժան տնօրէնութիւն,
Սիրելիներ,
Անկասկած, որ ձեր Ազգային օրաթերթը իր լուրերու ճոխութեամբ եւ իր ընդարձակ աշխատակիցներու շրջանակով բարձր պատիւ կը բերէ մեր ազգին իր բացառիկ որակով՝ հայթայթելով մեզի օրը-օրին թարմ լուրերու առատ եւ ընտիր քանակով։
Բարձր կը գնահատենք «Ասպարէզ» օրաթերթի բոլոր աշխատակիցնեերը եւ անոր տնօրէնութեան բծախնդրութիւնը, որ կատարելապէս յաջողած է Ամերիկայի այս դժուար ափերուն մէջ, պահպանելով մեր ազգային հայոց լեզուն եւ կ՛ըթանայ յառաջ, եւ ձեզի կը մաղթենք հարիւրաւոր տարիներ եւ միշտ յաջողութիւն՝ յօգուտ մեր Ազգի եւ Հայրենիքի վերելքին։
Միշտ յարգանօք եւ սիրով՝
Մինաս Վայէճեան
20 Ապրիլ 2022
Քոլորատօ