ՊԱՖԸԼՕ, Նիւ Եորք, «Էն.Փի.Ար.».- Շաբաթ օր, 18ամեայ ազգայնամոլ զինեալ մը Պաֆոլոյի մեծասմասնութեամբ սեւամորթ բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը շուկաներէն մէկուն մէջ կրակ բանալով՝ սպաննեց 10 սեւամորթ քաղաքայիններ եւ վիրաւորեց երեք ուրիշներ. աւելի ուշ ան ձերբակալուեցաւ։
Ընկերային ցանցերու վրայ մարդասպանին գրութիւններէն ի յայտ դարձաւ, որ ան հետեւորդներէն է ծայրայեղ ազգայնամոլներու այն գաղափարներուն, թէ դաւադրութիւն մը գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու սպիտակամորթներուն համեմատութիւնը նուազեցնելու համար եւ ան այդպիսով կը փորձէ արդարացել սեւամորթներու սպանութիւնը։
Ապահովական մարմինները, բնականաբար, իբրեւ ատելութեան հիման վրայ կատարուած մարդասպանութիւն կը հետապնդեն ոճիրը։
Նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց ոճիրը՝ կոչ ընելով ժողովուրդին, որ ձերբազատուի ամէն տեսակի ատելութեան զգացումներէն: