
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը իր անդրանիկ միջազգային խորհրդաժողովը պիտի իրականացնէ Երեւանի մէջ, 1էն 3 Յունիսին:
Պատերազմի հետեւանքներուն նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին եւրոպական զանազան երկիրներէ, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Ֆիլիփինէն եւ այլ երկիրներէ միջազգային իրաւագիտութեան մասնագէտներ եւ մտաւորականներ, որոնք պիտի քննեն 44օրեայ պատերազմի զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու կարելիութիւնները:
Մասնակցողներու շարքին են` փրոֆ. Տէյվիտ Ֆիլիփս եւ Ճեֆրի Ռոպըրթսըն։
44օրեայ պատերազմէն ետք վերապրողներու, գերիներու եւ անոնց ընտանիքներուն վկայութիւնները հաւաքելու աշխատանքին նախաձեռնած Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը այս խորհրդաժողովը կը կազմակերպէ համագործակցութեամբ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Ռուսական-Հայկական համալսարանին:
Խորհրդաժողովին մասնակցիլ փափաքողները կրնան այցելել կայքէջը: