
Արեւմտեան Ամերիկայի Լիբանանեան խորհրդանական ընտրութիւններու յանձնախումբը կը շնորհաւորէ ՀՅԴի ցանկերով մասնակցած եւ ընտրուած թեկնածուները՝ Յակոբ Բագրատունեանը, Յակոբ Թերզեանը եւ Ճորճ Պուչիքեանը, անոնց մաղթելով բեղուն գործունէութիւն ի սպաս լիբանանահայ գաղութին:
Այս առիթով, յանձնախումբս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լիբանանի հիւպատոս պրն. Պէշիր Սարգիսին եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին, որոնք անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցին յանձնախումբիս աշխատանքներուն՝ հայ գաղութի հեզասահ մասնակցութիւնը ապահովելու համար սոյն ընտրութիւններուն:
Երախտագիտութեան մասնաւոր խօսք կ՛երթայ նաեւ մեր կամաւորներուն, որոնք ժրաջան աշխատանք տարին կամ նիւթապէս օգտակար դարձան՝ առաւելագոյն արդիւնքներ արձանագրելու համար հայանպաստ այս նախաձեռնութեան:
Կլենտէյլ
Մայիս 2022