
ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, 5 Յունիսի առաւօտեան, Հոգեգալուստի տօնին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին սարկաւագ ձեռնադրեց հինգ ուրարակիրներ՝ Յակոբ Տէմիրճեան, Նարեկ Խաչատուրեան, Աւօ Փաթաթեան, Յարութ Իննէճեան եւ Կարապետ Մարգարեան, որոնք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ պատրաստուած էին այս կարգին համար:
Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Եփրեմ եւ Մուշեղ արքեպիսկոպոսները, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Իր արտասանած պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազան հայրը գնահատեց հինգ երիտասարդ նուիրեալները, որոնք, գիտակից իրենց հաւատարմութեան՝ հանդէպ Մայր եկեղեցւոյ, եւ ի տղայ տիոց աճած ըլլալով եկեղեցւոյ մէջ, կը բարձրանային ծառայական կարեւոր՝ սարկաւագական աստիճանին:
Խօսելով Հոգեգալուստի տօնին մասին, Թորգոմ եպիսկոպոսը հրաւիրեց ներկաները Հոգւոյն Սրբոյ կրակով ջերմանալու եւ միշտ անդրադառնալու առաքելական յորդորին համաձայն, որ մենք լոկ միս ու ոսկոր չենք, այլ տաճարներն ենք Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին:
Յայտնենք նաեւ, որ արարողութեան ընթացքին Կերի Պէրպէրեան ստացաւ ուրար կրելու իրաւունք:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
