Որքան մօտենան 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւնները, այնքան կը շեշտուին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը յատկորոշող անյայտներն ու հրամայականները։
Անորոշութիւնը չի գար, անշուշտ, մրցադաշտին վրայ գտնուող ուժերու բազմազանութենէն, ոչ ալ այնքան ծանօթ մրցակիցներու անակնկալ դիմաշրջումներէն անպայման։ Ի վերջոյ Հայաստանը փոքր երկիր է, ներքաղաքական դաշտը նոյնպէս ընդարձակ չէ եւ, մեծ ընտանիքի մը անդամներուն պէս, ամէն մարդ բոլորին այս կամ այն չափով ծանօթ է։
Մանաւանդ որ հայրենի քաղաքական ուժերն ու գործիչները խմբաւորող ճամբարներու՝ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր ճակատներու պարագային ալ, անծանօթ կամ անակնկալ զարգացումները գրեթէ աննշան են եւ դիրքերու վերադասաւորման ու սեփական խարիսխներու առաւել ուժեղացման տրամաբանութենէն անդին չեն անցնիր։
Հետեւաբար, նախընտրական այս ժամանակաշրջանը յուզող անյայտներն ու հարցականները փաստօրէն կապ ունին ոչ այնքան ընտրական զինակցութիւններու բուռն զարգացման կամ, ընդհանրապէս, ընտրապայքարի համար մրցակիցներու որդեգրած ռազմավարութեանց կամ մարտավարութեանց խճանկարին, որքան նոյնինքն մեր երկրի դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներու յաղթահարման՝ լայն պաստառի խնդիրներու դիմագրաւման հետ։
Այսինքն՝ անյայտներն ու հարցականները խորքին մէջ կրնան ամփոփուիլ ընդհանուր, համապարփակ եւ մէկ տարազումով. մօտալուտ ընտրութիւնները պիտի կարենա՞ն, իրաւական պետութեան ու ժողովրդավարական կառավարման տարրական խաղականոնները յարգելու ճամբով, իրողապէ՛ս ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը ընձեռել Հայաստան երկրին ու հայրենի հայութեան, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերատնտեսական արագ զարգացման ներկայ յառաջխաղացքը արդարօրէն եւ հաւասարակշռուած բաշխումով բաժին հանուի ողջ հասարակութեան, յատկապէս անպաշտպան լայն խաւին։
Իսկ հայաստանեան ներքաղաքական դաշտի նախընտրական զարգացումները այնպիսին են, որ ընտրութեանց նկատմամբ մեր ժողովուրդին հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը ամրապնդող ազդանշանները բացառութիւն կը կազմեն եւ, առ այդ, անբաւարար կը թուին։ Ընդհակառակն՝ ընտրազանգուածին թերահաւատութիւն եւ յուսալքութիւն առթող բացասական ազդանշանները արդէն գերակշռող դարձած են եւ պատահական չէ, որ նախընտրական ներկայ փուլի լուսարձակները կեդրոնացած են քրէածին ու յանցագործ շրջանակներու քաղաքական–ընտրական նկրտումներուն վրայ։ Օրինական իշխանութեանց հետ սերտաճած ստուերային ուժի եւ հարստութեան ապօրինի՝ առանձնաշնորհեալ հեղինակութիւնները, ուղղակիօրէն եւ բացայայտօրէն, իշխանաւոր լծակներու եւ դրամական լայն հնարաւորութիւններու տէր շրջանակներու կամայական նախասիրութեանց ու մենաշնորհին պատանդ դարձուցած են ամբողջ ընտրապայքարը։
Այս առումով է, ահա, որ յառաջիկայ ընտրութեանց գլխաւոր անյայտներէն ու հարցականներէն առաջինը կը վերաբերի նոյնինքն ընտրազանգուածին։ Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան 15ամեայ կենսափորձով՝ հայրենի ընտրազանգուածը, անշուշտ, ճիշդ կողմնորոշուելու բաւարար պատճառներ ունի ու անհրաժեշտ հասունութեան տիրացած է արդէն, որպէսզի քաղաքացիական գիտակցութիւն ու կամք դրսեւորէ եւ ըստ արժանւոյն պաշտպանէ իրաւ ընտրանք կատարելու իր արդար իրաւունքը։ Բայց նաեւ դաժան իրականութիւն է այն, որ մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին կ՚ապրի ընկերատնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ եւ զարմանալի պէտք չէ թուի, եթէ ընտրազանգուածին մեծ տոկոսը, այսօր եւս, շօշափելի յոյսեր չի կապեր ազատ, արդար եւ մաքուր քուէարկութիւններ ունենալու իրական հնարաւորութեան հետ ու մարտունակօրէն տրամադրուած չէ՝ իր քուէն արժեցնելու համար չարափոխումներու դէմ։ Հետեւանքը դժուար չէ պատկերացնել։ Նոյնիսկ եթէ դիւրին ալ չէ տոկոսային համեմատութիւններով ստուգապէս նախատեսել, այսուհանդերձ բացայայտ է, որ
– Ընտրազանգուածին որոշակի մէկ մասը անտարբեր պիտի մնայ եւ պիտի չուզէ քուէատուփ ներկայանալ,
– Իսկ ընտրազանգուածի կարեւոր տոկոս մը, մրցապայքարի ելած քաղաքական բոլոր ուժերն ու կուսակցութիւններն ալ «միեւնոյն»ը համարելով, դարձեալ պիտի մատնուի ընտրութեանց առիթէն առաւելագոյն չափով նիւթապէս օգտուելու՝ իր քուէն վաճառքի հանելու փորձուած, բայց ըստ ամենայնի երկար վազքի վրայ իր կենսական շահերուն եւ իրաւունքներուն վնասող… հաւկուրութեան։
Անյայտը ընտրազանգուածի այն տոկոսն է, որ վստահութեան արժանի պիտի գտնէ իր կամքը ներկայացնելու կոչուած քաղաքական այս կամ այն ուժը, որուն ընտրական յաղթանակին համար հաստատակամօրէն ու մարտունակօրէն պիտի պայքարի, որպէսզի իր քուէն արժեւորէ։
Կը հետեւի երկրորդ գլխաւոր անյայտն ու հարցականը։ Ընտրազանգուածի գործնական կողմնորոշման վերաբերող հարցականին չափ անորոշ է նաեւ այն, որ 2007ի խորհրդարանական ընտրութեանց օրը կարելի պիտի ըլլա՞յ ապահովել քուէարկութեանց թափանցիկութիւնն ու մաքրութիւնը։ Ներքաղաքական դաշտի ուժերն ու կուսակցութիւնները նախ տրամադի՞ր են, ապա՝ աւելի կարեւորը, ի վիճակի՞ են յարգելու եւ պաշտպանելու ընտրազանգուածին իրական քուէները ապօրինութեանց, կեղծումներու եւ զեղծումներու արդէն արմատաւորուած քաղաքական հիւանդութեան դէմ։
Ճիշդ է, որ ընտրազանգուածին օրինակով ներքաղաքական դաշտի ուժերն ու կուսակցութիւնները իրենք եւս բաւարար փորձառութիւնը արդէն ունին, որպէսզի ո՛չ իրենք մատնուին քուէարկութիւնները խեղաթիւրելու մոլորանքին, ոչ ալ համակերպին քուէարկութիւններն ու անոնց արդիւնքները ըստ կամս «տնտեսել»ու եւ չարափոխելու օրինական թէ ստուերային իշխանութեանց նկրտումներուն։ Բայց նախընտրական փուլի զարգացումները, հակառակ բոլոր կողմերէն հնչող բարձրագոռ հաւաստիացումներուն, թէ այս անգամ ամէն գնով պիտի արգելակեն քուէարկութեանց խեղաթիւրումը, առայժմ շօշափելի ոչ մէկ երաշխիք ցոյց կու տան, որ կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ «աւանդութեան» վերածուած չարիքին։
Անկասկած հիմք չունի նաեւ հակառակին՝ չարիքին կանխարգիլումը բացարձակօրէն անհնար եւ բացառուած համարելու եզրայանգումը։ Փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախ ներքին, ապա եւ յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հրամայականներու պատճառով, խուսափում չունի կառավարման իրաւական ու ժողովրդավարական համակարգի խաղականոնները յարգելու իր պարտաւորութենէն։ Թափանցիկ, մաքուր, ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը արդէն նախապայման դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ընտանիքէն ներս լիարժէք համարկման համար։ Մանաւանդ որ, համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին տակ, յետխորհրդային ամբողջ տարածաշրջանը այդ ուղղութեամբ յատուկ քննութենէ կ՚անցնի։ Անդրկովկասը՝ աւելիո՛վ։ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը առայժմ ի վիճակի չեն յաղթահարելու իրենց ներքին դժուարութիւնները եւ կը փորձեն, բնական իրենց պաշարներու կամ աշխարհաքաղաքական դիրքի առաւելութեանց հաշւոյն, պարտկել ժողովրդավարականացման քննութեան իրենց ձախողութիւնները։ Հայաստան չունի իր ձախողումները պարտկելու նման հնարաւորութիւններ եւ, աւելին, կը դիմագրաւէ թուրքեւատրպեճանական շրջափակման ծանրագոյն հետեւանքները, որոնց յաղթահարման համար ամէն գնով կարիք ունի միջազգային իրաւական պաշտպանութեան, որուն գինը ՀՀ քաղաքական համակարգի ժողովրդավարականացումն է՝ ընկերատնտեսական համերաշխութեան ապահովումով։
Ահա՛ այսպիսի անյայտներով եւ հրամայականներով յատկանշուող 2007ի խորհրդարանական ընտրութեանց յորձանուտին մէջ նախընտրական իր պայքարը կը ծաւալէ Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կազմակերպութիւնը, որ իր կարգին անյայտ մը եւս կ՚աւելցնէ ներքաղաքական ճակատի առկայ անորոշութիւններուն վրայ։ Դաշնակցութեան առնչուող անյայտը, հասկնալիօրէն, իշխանաւոր ճամբարին մաս կազմող ուժի իր ուղեգիծին հետ կապուած է։ Ընտրազանգուածին՝ գոնէ որոշ տոկոսին համար տակաւին հարցական կը մնայ այն, որ Դաշնակցութիւնը պիտի ուզէ՞ եւ, աւելի կարեւորը, պիտի կարենա՞յ թումբ կանգնիլ ընտրապայքարը օրինական թէ ստուերային իշխանութեանց լծակներուն պատանդը դարձնելու ակներեւ քայլերուն։ Հակառակ անոր, որ 2003ի համախմբական կառավարութեան կազմութեան օրէն իսկ Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն հեռաւորութիւն կը պահէ իշխանաւոր ճամբարի արատաւոր շրջանակներէն ու նոյնքան հետեւողականութեամբ իր ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ իշխանութեանց անբարեյոյս քայլերուն, այսուհանդերձ՝ հանրային կարծիքին մօտ առաջացած է եւ քարոզչական որոշակի շրջանակներ տեւաբար կ՚աշխատին արմատաւորել այն տպաւորութիւնը, որ «ի վերջոյ արատաւորին գործակիցը ինք եւս արատաւոր է»… Նմանօրինակ տպաւորութեան առաջացման ակամայ կը սատարէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ 2003ի նախագահական թէ խորհրդարանական ընտրութեանց նկատմամբ Դաշնակցութիւնը թէեւ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ խախտումներ իրապէս կատարուած են, սակայն նախ անոնց տարողութիւնը վճռորոշ չհամարեց ընտրութեան արդիւնքին առումով, ապա եւ աւելի հիմնականը՝ օրինականօրէն անոնց սրբագրումը պարտադրելու ատենի իր ճիգերը գործնապէս արդիւնք չտուին, որովհետեւ քաղաքական դաշտը գրաւած ուժերը անմրցելիօրէն աւելի զօրաւոր էին։
Կը հետեւի, որ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութիւնը կը դիմագրաւէ կրկնակի մարտահրաւէր։ Մէկ կողմէ Հ.Յ.Դ. պէտք է աշխատի տարհամոզել ընտրազանգուածին իրեն յարող, բայց իշխանութեանց արատաւոր ընթացքը բարեշրջելու Դաշնակցութեան վճռականութեան նկատմամբ թերահաւատութիւն տածող հատուածը։ Իսկ միւս կողմէ Դաշնակցութիւնը պէտք է կարենայ, նախընտրական այս փուլին, ներքաղաքական դաշտի վրայ առաջացնել ուժերու այն համախոհութիւն–համախմբումը, որ գործնապէս ի վիճակի պիտի ըլլայ կանխարգիլելու ընտրական խախտումներու, կեղծիքներու եւ զեղծումներու հաւանականութիւնները։
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութիւնը Սեպտեմբերին գումարուած իր 10րդ Գերագոյն ժողովին առաջին ու վճռական քայլը նետեց այս ուղղութեամբ, երբ վերարժեւորումը կատարեց համախմբական կառավարման փորձին՝ որոշապէս իշխանութեան մասնակիցի իր դիրքերէն հաշուեկշռի բերելով Դաշնակցութեան արձանագրած ձեռքբերումներն ու բացթողումները։ Հայաստանի Հանրապետութեան հաշւոյն ընդհանրապէս դրական գնահատելով հանդերձ համախմբական կառավարման փորձը, Հ.Յ.Դ. վերահաստատեց արմատական իր ընդդիմութիւնը պետաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական այն չարաշահումներուն ու խոտորումներուն հանդէպ, որոնք կ՚արատաւորեն եւ կ՚արգելակեն հայրենի հայութեան այնքան մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերած յառաջընթացը։ Պատահական չէր, հետեւաբար, որ 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւնները ՀՀ քաղաքական համակարգի արմատական բարեփոխման ծառայեցնելու վճռականութեամբ, Գերագոյն ժողովը դիմեց ներկազմակերպական աննախադէպ քայլի՝ ընտրելով արտակարգօրէն ընդլայնուած բազմանդամ Գերագոյն մարմին մը, որպէսզի Դաշնակցութիւնը կարենայ առաւելագոյն ուժերով ղեկավարել նախընտրական եւ ընտրական փուլերու թէ՛ ներքաղաքական ընդհանուր գործընթացները, թէ՛ Հ.Յ.Դ. հայաստանեան կառոյցին համապատասխան գործունէութիւնը։ Բնականաբար, հետեւողական մնալով ընտրապայքարի յաջող կազմակերպումը Հ.Յ.Դ. հայաստանեան գործունէութեան ներկայ հանգրուանի մեծագոյն եւ առաջնահերթ օրակարգը դարձնելու իր որոշումին՝ Գերագոյն ժողովը ներկազմակերպական համապատասխան գործելակերպի պարտաւորութեան տակ դրաւ Հ.Յ.Դ. հայաստանեան ամբողջ կառոյցը, մարզային կոմիտէներէն մինչեւ վերջին խումբն ու դաշնակցականը, որպէսզի ընտրազանգուածին հետ ուղղակի կապի ու գործակցութեան լարուած ընտրամեքենայով օժտուի ողջ կազմակերպութիւնը։
2007ի խորհրդարանական ընտրապայքարին շեշտած կրկնակի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու տարբեր ելք չէր կրնար ունենալ Դաշնակցութիւնը։ Միայն սեփական՝ կազմակերպական մարտունակութեան եւ հաւատաւոր իր ընկերներուն ու համակիրներուն նուիրուածութեան կրնայ ապաւինիլ Դաշնակցութիւնը, որպէսզի կարենայ նախ կաշառման բազմապիսի եղանակներով ընթացող նախընտրական փուլին մերձենալ ու պաշտպանել ընտրազանգուածը, ապա՝ հանրային կարծիքի եւ քաղաքական դաշտի համախոհութիւնն ու համախմբումը կազմակերպել, կանխարգիլելու համար քուէարկութեանց ազատ, արդար եւ մաքուր կայացման սպառնացող վտանգները։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայրենի հայութեան հետ Դաշնակցութիւնը եւս կը գտնուի դժուար փորձաքարի առջեւ։ 2007ի խորհրդարանական ընտրապայքարը արդէն սկսած է շիկանալ եւ շատ բան կախեալ է Դաշնակցութեան կազմակերպական մարտունակութենէն։