Կազմակերպութեամբ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի աշխատակազմին, 19 Յունիսին, գրադարանի մուտքին տեղի ունեցաւ Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» գիրքի շնորհահանդէսը:
«Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Կոստանդ Ջուղայեցիի կենսագրական տուեալներուն: Ան նկատել տուաւ, որ հայկական վաճառականութեան զարգացման գործին մէջ Նոր Ջուղայի հարուստ աւանդը աշխարհին առաւել եւս ծանօթացնելու նպատակով Սպահանի Հայոց թեմի 16րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովը, 2019ին՝ որոշած էր տպել Կոստանդ Ջուղայեցիի «Աշխարհաժողով» գիրքը, որուն համակարգումը կատարեց նոյն ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեան, իսկ աշխատանքի կատարումը` գիտաշխատող Սարգիս Պալդարեան: Ան յայտնեց, որ գիրքի ստեղծման իրենց տրամադրած նիւթերով եւ խորհրդատուութիւններով նպաստած են բազմաթիւ այլ անհատներ եւ հաստատութիւններ:
Այնուհետեւ տեսերիզով ցուցադրուեցաւ գիրքին հրատարակութիւնը երաշխաւորած, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն, գիրքի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Վահան Տէր Ղեւոնդեանի պատգամը, որուն մէջ ան նկատել տուած էր, որ սոյն գիրքը դասագիրք է, որ իր ժամանակին համար մեծ յառաջընթաց քայլ մըն է:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան Սարգիս Պալդարեանի կենսագրական գիծերը եւ գիտական գործունէութիւնը, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին անոր պատգամը տեսերիզի միջոցով, ուր ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքին բաժինները եւ բովանդակութիւնը:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց գիրքի հրատարակութեան գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Թաթուլ Օհանեան, որ խօսելով գիրքի գիտական արժէքին մասին` գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերջապէս իրականութիւն դարձած էր համաշխարհային արժէք ներկայացնող սոյն գիրքին լոյս ընծայումը: Ապա ան տեղեկութիւններ տուաւ գիրքի բովանդակութեան մասին՝ յուսալով, որ հետագային կը շարունակուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանին մէջ պահուած ձեռագիրներու հրատարակչութեան գործը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը, որմէ ետք թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեան, ելոյթ ունենալով` հաստատեց, որ Կոստանդ Ջուղայեցի հայ վաճառականութեան հսկայ տիտաններէն եւ գլխաւոր առաքեալներէն մէկն է, որ ազգային բնագաւառին մէջ իր ներդրումը ունեցած է ոչ միայն սոյն արժէքաւոր բնագիրը աւանդ ձգելով, այլեւ`իր հարազատ զաւակը ընծայելով իբրեւ կաթողիկոս: Սրբազանը շեշտեց, որ անոր անանձնական սէրը դէպի ազգ եւ հայրենիք խթան հանդիսացած են` նուիրուելու հանրութեան ծառայութեան:
Սրբազանը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց թեմի ազգային իշխանութեան եւ Սարգիս Պալդարեանին, որոնց միջոցով սոյն գիրքը հասանելի դարձած էր հանրութեան: