ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ առանձնապէս յառաջընթաց չկայ: Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Անդրադառնալով սահմանազատման հոլովոյթին՝ Պայրամով դիտել տուաւ, որ նկատի ունենալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը, սահմանազատման հասնիլը դիւրին պիտի չըլլայ: «Սակայն հոլովոյթը սկսիլը ինքնին արդէն լաւ քայլ է», աւելցուց ան:
Պայրամով նշեց, որ սահմանազատման յանձնախումբի յաջորդ նիստի օրը տակաւին յայտնի չէ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման յանձնախումբի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ: