
ԵՐԵՒԱՆ.- 8 Յուլիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ մեկնարկեց «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:
Խօսք առին Վազգէն Սաղաթէլեան, Արցախի Ազգային ժողովի անդամ Մետաքսէ Յակոբեան, ընդդիմադիր պատգամաւորներ Ասպրամ Կրպէյեան, Հայկ Մամիջանեան եւ Արամ Վարդեւանեան:
Վազգէն Սաղաթէլեան, որուն նկատմամբ վեց քրէական գործեր կամ, ըսաւ, թէ դժբախտաբար, հասարակութեան մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք հաւատացած են եւ կը շարունակեն հաւատալ երեսպաշտ իշխանաւորներուն՝ նշելով, որ ճիշդ է, թէ նախկին իշխանութիւններուն օրօք եղած են բազմաթիւ հարցեր, սխալներ, բացթողումներ, բայց պէտք է նաեւ մենք մեզի հարց տանք՝ ո՛ր իշխանութեան օրով մեր երկիրը կանգնեցաւ կործանման եզրին, ո՞ր իշխանութեան ապիկար արտաքին եւ ապահովական տապալած քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք մենք կորսնցուցինք ամբողջ սերունդ մը եւ Արցախի զգալի մասը։

« Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէյեան դիտել տուաւ, որ Սիւնիքի մարզի Աղաւնոյ եւ Նռնաձոր գիւղերուն բոլոր բնակիչները մարտական տրամադրութեան մէջ են: «Աղաւնոյի համայնքապետի` Անդրանիկի, հետ զրուցեցինք, ասաց, որ մի թիզ անգամ նահանջելու տեղ չկայ, ընդհակառակը` վերականգնելու են ու պաշտպանելու են ժառանգութիւն ստացած սրբազան հայրենիքը: Ասաց` իմ զաւակներին պէտք է փոխանցեմ յաւերժական հայրենիք ունենալու երազը, ու ես իրեն հաւատում եմ», նշեց ան։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան յայտնեց, որ այսօր տարածաշրջանի երկիրները կը խօսին ուղիներ հիմնելու մասին, մինչդեռ Հայաստան ամէն ինչէ դուրս մնացած է: «Որքան այս իշխանութիւնը մնայ, պատերազմը հա էլ լինելու է: Իրական խաղաղութեան միակ ճանապարհն իրենց հեռացնելն է: Եւ առանց Նիկոլ Հայաստան լինելու է», շեշտեց ան:
Այնուհետեւ, երթին մասնակցողները քայլարշաւ կատարեցին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, ապա վերադարձան ֆրանսայի հրապարակը, ուր աւարտեցաւ հանրահաւաքը։