Համաեւրոպական «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներու ծիրին մէջ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ալաշկերտ»-«Համրուն Սփարթանս» (Մալթա) մրցումը, որ վերջ գտաւ հայրենի կազմին յաղթանակով՝ 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին որբ կօլը 25րդ վայրկեանին նշանակեց Արտակ Եդիգարեան:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 Յուլիսին, Մալթայի մէջ:
Եւրոպայի Ախոյեաններու մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներու ծիրին մէջ, Երեւանի «Փիւնիկ»ը իր առաջին մրցումը ունեցաւ վերոյիշեալ մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով ռումանական «Քլուժ»ը: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով՝ ճերմակ հաւասարութեամբ, սակայն հիւր կազմը կօլ նշանակելու աւելի շատ առիթներ ստեղծեց: Սակայն, Հայաստանի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ իր բերդը փրկեց հինգ ստոյգ կօլերու առիթներէ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 13 Յուլիսին: