Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մեւլուտ Չաւուշօղլու Ինտոնեզիոյ Պալի կղզիին վրայ տեղի ունեցած «Քսաններու խմբակ»ի ժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցան: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ նախարարները քննարկեցին միջազգային եւ շրջանային օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր՝ հիմնական շեշտը դնելով ուքրանական զարգացումներուն վրայ:
«Հանդիպումին ընթացքին վերահաստատուեցաւ Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը, ըստ որուն, Արեւմուտքի կողմէ Քիեւի վարչակազմի ռազմական յաւակնութիւններուն հետագայ աջակցութիւնը անթոյլատրելի է», կը նշուի նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ Լաւրով եւ Չաւուշօղլու քննեցին նաեւ համաշխարհային պարենային ապահովութիւնը երաշխաւորելուն վերաբերող հարցերը եւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը: