ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի անդամ Շահրիար Հէյտարի Հայաստան-Իրան սահմանին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կատարեց՝ շեշտելով, որ Իրան եւ Հայաստան կարիքը չունին այս հարցով երրորդ կողմի, ներառեալ՝ Թուրքիոյ խորհուրդին: Ան այս հաստատումը կատարեց՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահին ուղղած՝ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի խօսքերը՝ աւելցնելով. «Ինչպէս յայտարարեց հոգեւոր առաջնորդը` Իրան պիտի չարտօնէ, որ Իրանի եւ Հայաստանի սահմանը արգելափակուի»:
«Մենք Հայաստանի հետ ունինք 47 քիլոմեթր հասարակաց սահման, որուն մէկ մասը Արաքս գետի սահմանն է, եւ պիտի չարտօնենք, որ որեւէ ձեւով վնաս հասցուի այդ սահմաններուն: Մենք որեւէ երրորդ կողմի, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ խորհուրդին կարիքը չունինք», շեշտեց Հէյտարի: